Պատրիարքական Աթոռոյ կողմէ վերջերս հրապարակուած շրջաբերականէն յետոյ, սոյն արարողութիւնը ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարուած առաջին անուան տօնախմբութիւնը դարձաւ։ Արարողութեան ներկայ եղան Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամամեան, Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան, ինչպէս նաեւ Եդուարդ Այվազեանի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները։
Հարկ է նշել, թէ հաւատացեալներ արարողութեան մասնակցեցան թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն հնազանդ մնալով։ Միւս կողմէ, Ս. Պատարագը ուղիղ սփռուեցաւ Աթոռոյս եւ «Լրաբեր»ի կայքերէջէն, որպէսզի Ս. Լուսաւորչի օրհնութիւնը ներթափանցէ ունկնդիրներու բնակարաններէն ներս։
Մեր հաւատքի Հօր ընծայուած տօնակատարութիւնը սկսաւ առաւօտեան ժամերուն կատարուած ժամերգութեամբ։ Իսկ ժամը 10.30-ին սկսաւ Ս. պատարագը, զոր մատոյց Պատրիարքական Փոխանորդ արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Երգեցողութիւնները կատարեցին Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս երգչախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Ժիրայր Աքմէրճանի եւ երգեհոնահարութեամբ՝ Հերման Փորթաքալեանի։
TRArmenianPatriarchate