Հարցազրոյց` աւստրալիահայ գրականագէտ-գիտաշխատող Արա Քեթիպեանի հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«ԱԶԴԱԿ».- Վերջերս Երեւանի մէջ շնորհահանդէսները կատարուեցան ձեր ներդրումով, աշխատանքով եւ ճիգերով պատրաստուած եւ հրատարակուած «Անդրկովկասի մէջ ազրպէյճանցիներուն յարձակումը հայերու դէմ (1905-1921). հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ» եւ «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն, հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ. «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի 1890-1922 թուականներու հրապարակումները» արժէքաւոր գիրքերը:

Գիտենք նաեւ, որ նախապէս Ցեղասպանութեան վերաբերող այլ հատորներ եւս լոյս ընծայած էք: Խնդրեմ` նախ ընդհանուր ակնարկով մը անդրադառնաք ցարդ ունեցած ձեր հրատարակութիւններուն եւ ըսէք, թէ այս վերջին հատորները կը համալրե՞ն նախորդները, թէ՞  ամբողջովին նորութիւն են:

ԱՐԱ ՔԵԹԻՊԵԱՆ.- «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի` վերջերս հրատարակուած երկհատորեակը մաս կը կազմէ «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն. հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ» իմ մատենաշարիս: 2018-ին եւ 2019-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսան այդ մատենաշարին առաջին հինգ հատորները` «Նիու Եորք Թայմզ» (երկու հատոր), «Պոսթըն Կլոպ» (մէկ հատոր) եւ «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» (երկու հատոր): «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ի երկու հատորները կը ներկայացնեն այդ մատենաշարին վեցերորդ եւ եօթներորդ հատորները: Մատենաշարին ծրագիրը կը նախատեսէ ընդհանուր 10 հատոր: Ուրեմն երեք հատորներ եւս լոյս պիտի տեսնեն մօտ ապագային` «Շիքակօ Տէյլի Թրիպիուն» (երկու հատորով) եւ «Լոս Անճելըս Թայմզ» (մէկ հատորով): Ներկայիս կ՛աշխատիմ այդ հատորներուն գիտական ցանկերուն վրայ, որոնք կարեւոր մէկ մասնիկը կը ներկայացնեն այդ հատորներուն մէջ ներկայացուած նիւթերուն: Իբրեւ էջերու ընդհանուր քանակ` տասը հատորները կը ներփակեն մօտաւորապէս 10 հազար անժխտելի փաստագրական էջեր, իսկ ցարդ լոյս տեսած հատորները կը բովանդակեն 7 հազար էջ:

Ծրագրին մէջ ընդգրկած եմ ամերիկեան ամէնէն համբաւաւոր եւ ազդեցիկ վեց օրաթերթեր: Այս օրաթերթերը տակաւին կը շարունակեն մնալ ազդեցիկ ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու տարածքին, այլ նաեւ` մերօրեայ միջազգային լրատուական իրականութեան մէջ:

Աւելցնեմ, որ այս հատորները միայն Հայոց ցեղասպանութեան մասին փաստերու հաւաքածոյ չեն, այլ նաեւ կը ներկայացնեն 1890-1922 ժամանակահատուածի ամերիկեան մամուլին մէջ հրապարակուած բազմազան փաստագրական նիւթեր Հայկական հարցին, ինչպէս նաեւ օսմանեան կառավարութեան ներքին կեանքին եւ արտաքին քաղաքական, դիւանագիտական անցուդարձերուն մասին:

Իսկ ինչ կը վերաբերի «Անդրկովկասի մէջ ազրպէյճանցիներուն յարձակումը հայերուն դէմ (1905-1921). հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ» հատորին, այդ աշխատանքը թէեւ ծաղկաքաղ մըն է վերոյիշեալ Ցեղասպանութեան մատենաշարէն, բայց եւ այնպէս իր բնոյթով եւ նպատակադրումով բոլորովին տարբեր ուղղութիւն ունի:

«Ա.».- Խնդրեմ` անջատաբար խօսինք իւրաքանչիւր հատորի նախաձեռնելու ձեր դրդապատճառներուն, պատրաստութեան ժամանակաշրջանին եւ աղբիւրներուն մասին:

Ա. Ք.- «Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն. հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ» ծրագիրը սկիզբ առաւ 2007-ին եւ իբրեւ գլխաւոր դրդապատճառ ունէր այն հանգամանքը, որ անցեալին Հայկական հարցին հանդէպ ամերիկեան մամուլին անդրադարձը գիտականօրէն չէր ուսումնասիրուած: Թէեւ այդ գծով որոշ սաղմնային փորձերու ձեռնարկուած էին,  բայց եւ այնպէս ամբողջական ու գիտական մօտեցումով որեւէ աշխատանք չէր կատարուած: Ուսումնասիրութեան իբրեւ աղբիւր` օգտագործած եմ վերը նշուած ամերիկեան վեց օրաթերթերու անհատական առցանց դիւանները: Սկզբնական երեք-չորս տարիներու ընթացքին իմ դիմագրաւած գլխաւոր խոչընդոտս հանդիսացաւ ծրագրին նպատակադրումը: Այսինքն` աշխատանքին գլխաւոր թիրախը, որ սկզբնական շրջանին միջազգային հանրութեան աւելի նեղ շրջանակներն էին, հետզհետէ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ եւ ստացաւ աւելի համապարփակ բնոյթ: Այս ծրագրային տեւական փոփոխութիւնը, իբրեւ անմիջական հետեւանք ունեցաւ աշխատանքի ծաւալի շարունակական ընդլայնումը եւ անոր հետ սերտօրէն առնչուած ծանրաբեռնումը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի իւրաքանչիւր հատորի գիտական ցուցակներուն եւ բնագիրներուն մէջ տեղ գտած տեղանուններու եւ անձնանուններու մասին սխալներու ստուգման եւ ուղղման աշխատանքին: Ծրագրային այդ փոփոխութիւնը նաեւ որոշ բարդութիւններ առաջ բերաւ տեղեկատուական եւ այլ բնոյթի բազմազան նիւթերը տրամաբանական կերպով ներկայացնելու աշխատանքին մէջ:

«Ա.».- Անդրադառնանք փաստահաւաքման աշխատանքներուն ընթացքին ձեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, մանաւանդ որ Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերը յատկապէս միշտ չէ, որ դիւրաւ տրամադրելի են:

Ա. Ք.- Թէեւ փաստահաւաքման աշխատանքը հիմնուած էր գլխաւորաբար ամերիկեան մամուլի առաջատար օրաթերթերու առցանց դիւանական աղբիւրներու վրայ, սակայն ունէր իր իւրայատուկ խոչընդոտները, որոնցմէ գլխաւորն էր Հայկական հարցի եւ Ցեղասպանութեան վերաբերող բոլոր տեղեկատուութիւնները ներբեռնելը եւ համախմբելը ուրիշ աւելի ընդհանուր բնոյթ կրող փաստագրական նիւթերու հետ, որպէսզի մասնագէտին եւ լայն շրջանակի ընթերցողին մատուցուէր պատմական եղելութիւններու ընդհանուր եւ իմաստալից պատկերը:

Փաստագրական նիւթերը ներկայացուցած եմ անաչառօրէն` ներկայացնելով թեր ու դէմ կարծիքները եւ լրատուութիւնները, թէեւ նիւթերու ընկճող մեծամասնութիւնը հայամէտ նկարագիր ունի:

«Ա.».- Խօսինք այն հանգամանքներուն մասին, որոնք դրդեցին ձեզ զբաղելու Արցախի պատմական պեղումով եւ ներկայացնելու զայն հանրութեան: Այսօր, աւելի քան երբեք, այս հատորը իսկական գանձ կը նկատուի իրականութիւններու ներկայացման առումով: Ի՞նչ էր ձեր նպատակը, երբ որոշեցիք գրել այս գիրքը, որ պատմաբաններու ուսումնասիրութեան համար վաւերական նիւթի հայթայթումի հիմք պիտի հանդիսանայ:

Ա. Ք.- «Անդրկովկասի մէջ ազրպէյճանցիներուն յարձակումը հայերու դէմ (1905-1921). հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ» հատորը պատրաստելու մտայղացումը ունեցայ արցախեան վերջին պատերազմին երկրորդ շաբաթը` գլխաւոր դրդապատճառ ունենալով հակադարձել միջազգային մամուլին տարածած ա՛յն պնդումներուն, որ արցախեան հակամարտութիւնը սկիզբ գտած էր Խորհրդային Միութեան փլուզման տարիներուն: Ուրիշ դրդապատճառ մըն էր հակադարձել նոյն միջազգային մամուլին որդեգրած դիրքորոշման, որ չէր ճանչնար ազրպէյճանական կողմը` իբրեւ նախայարձակ: Երրորդ եւ նոյնքան կարեւոր դրդապատճառ մըն էր միջազգային հանրութեան ցոյց տալ, փաստերու հիման վրայ, զուգահեռներ արցախեան վերջին պատերազմին եւ 20-րդ դարու սկիզբի թաթարական գործելաոճին միջեւ: Զուգահեռներու ցայտուն օրինակներ են` թուրք ռազմական հրամանատարներու ներգրաւումը հայերու դէմ թաթարական յարձակումներ կազմակերպելու եւ իրագործելու գործին մէջ, օտար ցեղախումբերու ցուցաբերած օժանդակութիւնը հայերու դէմ կազմակերպուած թաթարական արշաւանքներուն, միջազգային հանրութեան ցուցաբերած անտարբերութիւնը, մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումը թաթարներու կողմէ եւ հայ-թաթարական հակամարտութիւնը կրօնական պայքարի վերածելու թաթարական ջանքերը:

Ներկայացուած նիւթերը քաղուած են վերոյիշեալ ամերիկեան վեց առաջատար օրաթերթերու դիւաններէն եւ կը վերաբերին 1905-1921 ժամանակաշրջանին:

Ներկայիս այս հատորին ռուսերէնի թարգմանութեան աշխատանքները ընթացքի մէջ են:

«Ա.».- Ինչպէ՞ս կ՛արժեւորէք ամերիկեան մամուլին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող անդրադարձները` սկսելով անցեալէն, հասնելով մինչեւ ներկայ ժամանակները. յատկապէս վերջին իրադարձութենէն ետք, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր խօսքին մէջ 24 ապրիլին օգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» եզրը:

Ա. Ք.- Միջազգային մամուլը միշտ կարեւոր դեր ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ մարդկային հասարակութեան մէջ: Ի տարբերութիւն նորագոյն ժամանակաշրջանին, ամերիկեան մամուլը ազդեցիկ դեր կը խաղար երկրի հանրութեան մօտ` ո՛չ միայն իբրեւ այդ օրերու լրատուական միակ միջոցը, այլ նաեւ` իբրեւ անկողմնակալ լրատուամիջոց: Ամերիկեան մամուլը իր զգալի ազդեցութիւնը ունէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու սահմաններէն դուրս:

Ամերիկեան մամուլի անկողմնակալութիւնը միշտ զուգահեռ կ՛ընթանար ամերիկեան քաղաքական հիմնական գաղափարախօսութեան հետ` 19-րդ դարու գրեթէ ամբողջ տեւողութեան եւ 20-րդ դարու սկզբնական տարիներուն հաւատարմօրէն կը հետեւէր «Մոնրոյի հայեցակարգ»-ի սկզբունքներուն: Ամերիկեան մամուլի անաչառութիւնը նաեւ իբրեւ հիմք ունէր այն իրողութիւնը, որ ամերիկեան թէ՛ դրամական եւ թէ՛ մարդկային ներդրումը Օսմանեան կայսրութեան սահմաններէն ներս կը հասնէր հսկայածաւալ չափերու, որոնց պատճառով ամերիկեան մամուլի էջերէն թուրքերու մասին հնչած քաղաքական եւ այլ բնոյթի կարծիքները պէտք էր զսպուած նկարագիր ունենային խուսափելու համար բացասական հետեւանքներէ: Սակայն, հակառակ այս հսկայական խոչընդոտին, 1890-1922 տարիներուն ամերիկեան մամուլը աննախադէպ քանակի քննադատութիւններ եւ մեղադրանքներ հնչեցուցած է թուրք կառավարութեան դէմ` հայերուն հանդէպ գործուած յանցագործութիւններուն վերաբերեալ:

Ամերիկեան քաղաքականութիւնը, սակայն, հետզհետէ եւ յատկապէս Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ետք այդ անցեալի գաղափարախօսութենէն հեռացաւ, որուն իբրեւ հետեւանք` լրատուական միջոցներն ալ, ներառեալ մամուլը, փոխեցին իրենց գաղափարախօսական ուղղութիւնը: Այդ պատճառով իսկ մեր օրերու ամերիկեան մամուլը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս միջազգային մամուլը հիմա աւելի ենթակայ են քաղաքական տարբեր գաղափարախօսութիւններու անմիջական ազդեցութեան, քան` անցեալին:

Սակայն կարեւոր է եզրակացնել, որ Ցեղասպանութեան մատենաշարին պատրաստութեան համար նկատի առնուած ժամանակահատուածին ամբողջ տեւողութեան ամերիկեան մամուլը հաւատարիմ մնացած է անկողմնակալութեան սկզբունքին:

«Ա.».- Ձեր գիրքերը ընդհանրապէս հա՞յ, թէ՞ օտար ընթերցողներուն ուղղուած են, հաւանաբար նպատակը նաեւ օտարներուն փաստեր ներկայացնե՞լն է:

Ա. Ք.- Թէ՛ «Անդրկովկասի մէջ ազրպէյճանցիներուն յարձակումը հայերու դէմ (1905-1921). հաղորդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ» հատորը եւ թէ՛ Ցեղասպանութեան մատենաշարի հատորները առաջին հերթին ուղղուած են օտար հասարակութեան: Բազմաթիւ օրինակներ արդէն ուղարկուած են օտար համալսարաններու, ինչպէս` «Օքսֆորտ», «Քէմպրիճ», «Քոռնէլ», «Պոսթըն»: Օրինակներ նուիրուած են նաեւ զանազան միջազգային գրադարաններու եւ մասնագիտական կեդրոններու:

«Ա.».- Յառաջիկային նոր ծրագիրներ կա՞ն:

Ա. Ք.- Ներկայիս հրատապ ծրագիրս է աւարտին հասցնել Ցեղասպանութեան մատենաշարին վերջին երեք հատորները: Կան որոշ այլ ծրագիրներ, որոնք տակաւին սաղմնային վիճակի մէջ են, եւ յոյսով եմ, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին առիթը կը ներկայանայ, որ այդ ծրագիրներն ալ հանրութեան ներկայացնեմ:

https://www.aztagdaily.com/archives/510087 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *