Դիւցազնական Ուրֆան եւ իր հայորդիները

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Մինչեւ հիմա Ուրֆայի թուրքերը կը յիշեն այն կոտորածը, որուն ենթարկուած էին կռուի առաջին օրը: Իրենց իսկ վկայութեամբ, 450 դիակներ ձգած  են հայ դիրքերուն առջեւ: Խուճապը այնքան սաստիկ եղած էր, յարձակումը հայերուն կողմէ` այնքան բուռն ու շշմեցնող, որ փախչող թուրքերէն շատեր ետ դառնալու տեղ, աւելի մխրճուած էին հայ թաղերուն մէջ ու այնտեղ` գերի բռնուած: Մասնաւորաբար Փոս Բաղնենց կողմը մեծ կորուստներու մատնուած էին թուրքերը: Քէօր Սաքոն (Սարգիս Եօթնէղբէրեան) խուճապահար փախչող թշնամին երեք ընկերներով հետապնդած էր մինչեւ շէյխերուն մզկիթը:

Տասնոցները կրակելէն, վիրաւորները եւ մեռեալները կոխկռտելէն, վրէժխնդրութեամբ հրահրուած այս խոյանքը կռուի սկիզբէն Սարգիսին առջեւ կը բանար բացառիկ խիզախութիւններու շարք մը: Առաջին այս կռուին հայերը ութ զոհ կու տային, որոնցմէ երկուքը` կիներ, բոլորն ալ` գրեթէ վիրաւորուած «մինարէներէն» մզկիթներէն արձակուած գնդակներէն: Զարմանալի չէր թուրքերու ունեցած մեծ կորուստին դէմ հայերուն այս փոքր կորուստը, թաղային կռիւներու ընթացքին միշտ յարձակողն է, որ զոհ կու տայ, իսկ երբ նեղ փողոցներու մէջ բազմութիւն մը կարելի ըլլայ ծուղակի մէջ բռնել, անխուսափելի կը դառնայ անոնց ոչնչացումը:

Աննկարագրելի խանդավառութիւն յառաջացած էր հայ թաղերուն մէջ` այս յաղթանակին պատճ     առով. ոտքի վրայ էր ամբողջ ժողովուրդը, բոլորը մոռցած էին իրենց ցաւն ու տառապանքները: Կռիւը, արեան մկրտութիւնը իւրաքանչիւրին սրտին մէջ արթնցուցած էր իրենց նախահայրերու առնական ոգին: Դիրքերը իրարու արձագանգ կու տային ռազմական երգերով, կիներն ու աղջիկները կռուող տղաներուն ջուր եւ ուտելիք կը հասցնէին: Փոքր տղոցմէ կազմուած թռուցիկ խումբեր հեռաձայնի դեր կը կատարէին` դիրքէ դիրք լուրեր հասցնելով: Եկեղեցիներու զանգակները կէս ժամ կը հնչէին ուժգին ու արագ` հայերու յաղթութեան աւետիսը թռթռացնելով օդին մէջ:

Կռիւը դադրելէն ետք Եօթնէղբէրեան եւ Ռասթկէլէնեան կ՛այցելեն բոլոր դիրքերը, գովելէ յետոյ տղոց պարտաճանաչութիւնը` կը բացատրէին կռուի այն նոր միջոցները , որ անխուսափելի կերպով գործ պիտի դնէր թշնամին հետագայ օրերու ընթացքին, յաղթութիւնը պէտք չէր մոռցներ թշնամիին անսպառ միջոցները, պէտք էր բոլորն ալ ունենային այն գիտակցութիւնը, որ մեռնելու համար կը կռուին, հետեւաբար իրենց նպատակը պիտի ըլլար զոհ մը աւելի խլել թշնամիէն: Փամփուշտներն ու ռումբերը պէտք էր գործածուէին խնայողութեամբ, գիշեր ու ցերեկ, ամէն ժամու հսկողութիւնը պէտք չէր թուլնար, գիշերային յարձակումի մը պարագային, յանկարծակիի պէտք չէր գային դիրքերը:

Զոյգ ղեկավարները, թելադրութիւններէ եւ ցուցմունքներէ ետք, կը քննէին բոլորին ունեցած զէնքերը եւ անոնց ունեցած փամփուշտներու պաշարը: Կ՛որոշէին այն կէտերը, ուր պատնէշներ պէտք էր բարձրանային նոյն գիշերն իսկ: Կը կարգադրէին նոյնպէս, որ կռիւներու պահին ամէն վայրկեան կեդրոնը իրազեկ պահուէր անցուդարձերէն: Կռուողներուն արգիլուած պիտի ըլլար դուրս գալ դիրքերէն` առանց խմբապետներու արտօնութեան, իսկ շրջանային խմբապետները պարտաւոր էին խիստ վերաբերմունք ցոյց տալ իրենց պարտականութիւններուն մէջ թերացողներու հանդէպ:

Մինչեւ հոկտեմբեր 18 թշնամին նոր յաջողութիւն մը չէր ունենար, կռիւը կը շարունակուէր, հայ տղաքը կը դիմադրէին կատաղութեամբ: Աշնանային անձրեւը դադար չունէր, օդը լեցուած էր թանձր մուխով եւ վառօդի  հոտով:

Նոյն գիշերը, կարճ խորհրդակցութենէ մը ետք, կռիւէն վերադարձող ղեկավարները կ՛որոշէին գործադրել հոկտեմբեր 12-ի գիշերուան որոշումը. կռուող ուժերը պիտի հաւաքուէին ու Պէտէնի ետեւէն բարձրանային շրջակայ լեռները:

Հոկտեմբեր 20, հինգշաբթի առաւօտ երկու թաղերու մէջ միայն կը շարունակուէր դիմադրութիւնը, կռուողները սեղմուած էին Իւչ Օղլուն քէօշէի եւ մայր եկեղեցւոյ փողոցները, գիշերային յարձակումով մը զօրքերը յաջողած էին գրաւել բողոքականներու եկեղեցին ու ամերիկեան հաստատութիւնները, այնտեղի կռուողներէն` Յարութիւն Սիմեանը, Մղձի Կանաչեանը, Յովհաննէս Քեպապճեանը, Մէյխանէճի Սանդուրը, Յովհանէս Մատառճեանը, Յակոբ Սէվէրէքլեանը, Ներսէս Սարգիսեանը, Չամիչենց Ալեքսանտրը, Սարգիս Ռասթկէլէնեանը եւ Խանըմ Քէթէնճեանը ցրուած էին շրջակայ տուներու մէջ, ասոնք ամրացած տան մը, տանիքի մը կամ պատի մը ետեւ, վերջին ճիգ ի գործ կը դնէին` զոհ մը աւելի խլելու թշնամիէն ու ապա վերջին գնդակը պարպելու իրենց ճակտին:

Գրաւուած թաղերուն մէջ բազմաթիւ կիներ եւ աղջիկներ հորերու մէջ կը նետուէին այնտեղ խեղդամահ ըլլալու եւ վայրագ թշնամիին ձեռքը չիյնալու համար: Կռուողներէն ոմանք իրենց ձեռքով կը սպաննէին իրենց կինը, քոյրը կամ մայրը ու անձնասպան կ՛ըլլային: Ոմանք կը մտնէին նախապէս պատրաստուած թաքստոցներու մէջ: Շատեր քարիւղ լեցնելով իրենց տան վրայ` կրակը կը բռնկեցնէին ու կ՛այրէին ամբողջ ընտանիքով:

Թնդանօթի կրակը դադրած էր, որովհետեւ զօրքը ցրուած ու դիրք բռնած էր գրեթէ բոլոր թաղերուն մէջ: Այս զարհուրելի կացութիւնը երեք օր կը շարունակուէր, մինչեւ որ մայր եկեղեցիին թաղը ամրացած կտրիճներն ալ մէկիկ մէկիկ կ՛իյնային պատնէշին վրայ, ու զօրքը կը տիրանար Ուրֆայի ամբողջ հայկական թաղամասին:

Հոկտեմբեր 23-ին, կիրակի իրիկնամուտին հետ խոր, մեռելային լռութիւն մը կը սաւառնէր հայ թաղին վերեւ, ուր ծուխն ու կրակը հանդարտ կը բարձրանային անձրեւոտ ու թաց երկինքն ի վեր:

25 օրուան հերոսական մաքառումէ մը ետք վերջ գտած էր Ուրֆայի հերոսամարտը:

(Շար. 2 եւ վերջ)

https://www.aztagdaily.com/archives/509235 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *