Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ թագաւորին հետ քննարկած է երկու երկիրներու յարաբերութիւնները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտելազիզ թագաւորին հետ` քննարկելու երկու երկիրներու յարաբերութիւնները: Այս մասին Թուրքիոյ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին յղում կատարելով կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ» թերթը եւ կ՛աւելցնէ, որ 2018 թուականին Պոլսոյ մէջ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութենէն ետք Թուրքիան կը ձգտի բարելաւել Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները:

Էրտողան քննադատած էր Ռիատը` Միջերկրական ծովու արեւելքին մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր մրցակից Յունաստանի հետ միացեալ ռազմափորձերուն մասնակցելու համար: Թուրք պաշտօնատարները, իրենց կարգին, քննադատած են Սէուտական Արաբիոյ մասնակցութիւնը փետրուարին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած համախմբումին, որուն մասնակցած են Ֆրանսայի, Յունաստանի, Եգիպտոսի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի պաշտպանութեան նախարարները:

Թերթը կը յիշեցնէ, որ հոկտեմբեր 2020-ին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ սկսած էր արշաւ մը, որուն ծիրին մէջ պոյքոթ յայտարարուած էր թրքական արտադրութիւններուն դէմ: Բացի ասկէ, անցեալ շաբաթ Սէուտական Արաբիան յայտարարած էր, որ պիտի փակէ թրքական 8 դպրոցներ, որոնք անմիջական կապ ունին Թուրքիոյ կրթութեան մարմինին հետ:

Նշենք, որ ասիկա մէկ ամսուան ընթացքին երկու ղեկավարներուն միջեւ 2-րդ հաղորդակցութիւնն է. Էրտողան Ռամատանի սկիզբը տօնին առիթով շնորհաւորելու համար հեռաձայնած էր Սալման թագաւորին:

https://www.aztagdaily.com/archives/508013 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *