Թուրք վերլուծաբանը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Իրանի դիրքորոշման

Թրքական ընդդիմադիր «Cumhuriyet» թերթի լրագրող Մուսթաֆա Պիրոլ Կիւկերը իր սիւնակով անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով Իրանի ունեցած պաշտօնական դիրքորոշման:

Ermenihaber.am-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յօդուածին հեղինակը ըրած է հետեւեալ շեշտադրումները. «Իրանը, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ գրեթե շրջափակման մէջ գտնուող Հայաստանի հիմնական առեւտրային գործընկերը, պաշտօնապէս չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Պատճառը այն է, որ Իրանը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւն կը տեսնէ: Բայց տարածաշրջանային շարք մը հարցերու մէջ, ինչպէս օրինակ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը, Իրանը անցած է Հայաստանի կողմը»:

Մուսթաֆա Պիրոլ Կիւկերը նաեւ կը նշէ, որ Իրանի բազմաթիւ ղեկավարներ, ինչպէս օրինակ Իրանի նախկին նախագահ Մոհամատ Խաթամին, ժամանակին այցելած է Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:

«Աւելին, դեռ 2010-ին Իրանի փոխնախագահ Համիտ Պաղային Թուրքիան դատապարտած է ցեղասպանական գործողութիւններու համար: Ատիկա երկու երկիրներուն միջեւ ճգնաժամի պատճառ դարձած էր»,- կը յիշեցնէ յօդուածին հեղինակը։

Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը թուրք վերլուծաբանը կը ներկայացնէ ժխտողականութեան դիրքերէ՝ ատիկա
համարելով հայկական շրջանակներու կողմէ եղած պնդում ընդամէնը։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *