1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վերջին յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան զանոնք որակած է իբրեւ ցեղասպանութիւն, չի նշանակեր, որ ատիկա պիտի ազդէ Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն առջեւ Թուրքիոյ «գերիշխան անձեռնմխելիութեան» վրայ:
Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը` պատասխանելով «Անատոլու» լրատու գործակալութեան այն հարցումին, թէ իրաւական տեսանկիւնէն ի՞նչ կրնայ նշանակել Սպիտակ տան ղեկավարին` ապրիլ 24-ի յայտարարութիւնը:
«Նախագահի վերջին յայտարարութիւնը չի նախատեսեր, որ անիկա պիտի ազդէ Միացեալ Նահանգներու դատարաններուն առջեւ Թուրքիոյ գերիշխան անձեռնմխելիութեան վրայ, որ կը կարգաւորուի «Օտար պետութիւններու անձեռնմխելիութեան մասին» օրէնքով», նշած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչը:
https://www.aztagdaily.com/archives/507734