Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի ընդհանուր դատախազի գրասենեակը յայտնեց, թէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) ղեկավար Ապտուլլա Օճալանի` իր բանտին մէջ մահացած ըլլալուն մասին լուրերը «իրականութեան չեն համապատասխաներ»:
Գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ ընկերային ցանցի կարգ մը օգտատէրեր հաղորդած են Իմրալիի բանտը գտնուող Օճալանի մահացած ըլլալուն մասին «պնդումներ, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ»:
«Դատապարտեալը ողջ է եւ առողջութեամբ լաւ», աւելցուց գրասենեակը` հասարակական կարծիքին կոչ ուղղելով սուտ լուրերու ականջ չտալու:
Յիշեցնենք, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը փետրուար 1999-ին Քենիայէն առեւանգած էր Օճալանը եւ զինք տարած Թուրքիա, ուր ան դատուելէ ետք «գերագոյն դաւաճանութեան» ամբաստանութեամբ դատապարտուած էր մահապատիժի, սակայն վճիռը մեղմացուած էր ցկեանս բանտարկութեան, երբ Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան օրէնքներուն հիմամբ մահապատիժի դրութիւնը ջնջուած էր:
https://www.aztagdaily.com/archives/502776