ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»․- Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ ստորագրուած է Արցախի զինադադարը հսկելու նպատակով միացեալ հսկողութեան կեդրոն ստեղծելու հարցով Ռուսիոյ հետ համաձայնագիրը, առանց մանրամասնութիւններ հրապարակելու անոր մասին:
Կը նշուի, որ ներկայիս աշխատանք կը տարուի անոր գործադրութեան համար։
Թրքական զինուած ուժերէն մասնագէտներ նաեւ սկսած են աջակցիլ Պաքուի բռնագրաւած Արցախի շրջանները ականազերծելու աշխատանքին։
Asbarez.com