ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Թրքական մամուլը «խայտառակ» որակեց Ֆրանսայի Օվերնյը-Ռոն-Ալփ շրջանի ղեկավար, պետական գործիչ Լորան Ուոքիէի կողմէ կատարուած գրառումը եւ անոր կցուած նկարը։
Լորան Ուոքիէ «Թուիթըր»ի (Twitter) իր էջին վրայ գրառում կատարած է Հայաստան ուղարկուելիք օգնութեան՝ դեղերու եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու հաւաքագրման վերաբերեալ։ Գրառման հետ ֆրանսացի գործիչը կցած է պատմական Հայաստանի քարտէսը, որ կը ներառէ այժմու Թուրքիոյ արեւելեան տարածքները։
Ֆրանսացի պետական գործիչին կողմէ հրապարակուած վերոնշեալ քարտէսը, բնականաբար, զայրացուցած է թուրք օգտատէրերը եւ լայն արձագանգ գտած թրքական մամուլին մէջ։
Գրառումներէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ իբր թէ հայերը նախայարձակ եղած են Արցախի թրքաբնակ շրջաններուն վրայ, եւ այդ պատճառով սկսած է պատերազմը, որմէ ետք Ֆրանսա Հայաստանին կ՛ուղարկէ մարդասիրական օգնութիւն։
Asbarez.com