Տիգրանակերտի Փաստաբաններու կաճառի նախկին նախագահ Ահմետ Էօզմեն եւ նախորդ վարչութեան բոլոր անդամները կը դատուին իրենց պաշտօնէութեան շրջանին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օրերուն կատարած իրենց յայտարարութիւններուն համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս»-ը։
Փաստաբանները կը մերժեն իրենց ուղղեալ բոլոր մեղադրանքները՝ պնդելով, որ 1915-ին պատահածները ցեղասպանութիւն էր եւ իրենք որդեգրած են եղածը իր անունով կոչելու սկզբունքը:
Կաճառի վարչութեան անդամ փաստաբանները կը մեղադրուին թրքութիւնը նախատելու վերաբերեալ տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով:
Էօզմեն յայտնեց, թէ կատարեալ հակասութիւն մըն է արդարադատութեան նախարարին երկու օր առաջ հրապարակած դատական բարեփոխումներու ծրագիրը եւ այս դատավարութեան արտօնութիւն տալու երեւոյթը:
Դատավարութիւնը պիտի շարունակուի յառաջիկայ փետրուարին:
Yerakouyn.com