Պատրիարքական Աթոռոյ Հրատարակչական Բաժանմունքը վերջերս ի լոյս ընծայեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պատմական վէպը՝ “Երկու ուխտաւոր”ը։
Նոյն առթիւ, 22 սեպտեմբեր 2020, երեքշաբթի, ժամը 14.00-ին Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ կազմակերպուեցաւ գինեձօն մը։ Թագաժահրի համավարակի պատճառաւ սեղմ շրջանակի մէջ կայացած հանդիսութիւնը սկսաւ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի բարի գալստեան խօսքով։ Ան յայտնեց հաւաքին նպատակը եւ ներկայացուց օրուան յայտագիրը։
Ապա բարձրախօսը յանձնուեցաւ Հրատարակչական բաժնի վարիչ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանին, որ հակիրճ կերպով խօսեցաւ “Երկու ուխտաւոր վէպը եւ անոր Պոլսոյ ոդիսականը” նիւթով։ Բացատրեց հատորի արեւմտահայերէն բնագիրի քաղաքիս մէջ հրատարակութեան պարագան եւ մաղթեց, որ Նորին Ամենապատուութիւնը իր բազմազբաղ վիճակին մէջ առիթ կը գտնէ կիսատ վէպը իր աւարտին հասցնելու։
Յայտագիրը շարունակուեցաւ համայնքիս երեք արուեստագէտներու՝ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի, Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Սէրճան Կազէրօղլուի երգերով։ Արթիւր Պաղտասարեան երգեց Ռոմանոս Մելիքեանէ “Վարդը”, Վ. Կոտոյեանէ “Ինչպէս երազ”, Սէրճան Կազէրօղլու՝ Խաչատուր Աւետիսեանէ “Ասում են թէ մոռացել ես”, Առնօ Բաբաջանեանէ “Սիրոյ երգ” երկերը, հուսկ զուգերգ մը կատարեցին Ալեքսէյ Հէքիմեանէ “Բարի առագիլ”ը։ Բոլոր երգերուն դաշնակով ընկերացաւ Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեան։
Հանդիսութեան աւարտին շնորհակալութեան սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Նորին Ամենապատուութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց Հայ գիրին ու գիրքին ի պատիւ եղած սոյն հանդիսութեան համար։ Ան պատմեց թէ ինչպէս ծնունդ առաւ Երկու ուխտաւոր պատմավէպը 2007 թուականին եւ ըսաւ, որ ամէն հատոր հեղինակին համար նոր զաւակ մըն է։ Մեր ՀոգեւորՊետը անգամ մը եւս իր ուրախութիւնը յայտնեց հատորին գտած յաջողութեան եւ ժողովրդականութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ վէպի արեւմտահայերէնը եւս նոյն հետաքրքրութիւնը կը գտնէ։
Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ.Սերովբեանին, որոնց մղումով ձեռնարկուեցաւ սոյն հրատարակութիւնը։ Իր խօսքի աւարտին ցաւով անդրադառնալով հայգիրի եւ գիրքի հանդէպ առկայ անտարբերութեան, ըսաւ. “Մենք կը հաւատանք, որ առանց գիրի եւ լեզուի չկայ հաւատք”
Հանդիսութեան աւարտին Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. հրաւիրեց մեր Հոգեւոր Պետը գինիով լուալ նորատիպ հատորի առաջինօրինակը։ Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը մակագրեց առաջին օրինակը եւ ներկաներուն նուիրեց մէկական օրինակ։
Հանդիսութիւնը դիտելու համար կարելի է այցելել Աթոռոյս facebookի էջը։
https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/videos/408648996766293