Տարուան ընթացքին, վեհափառ հայրապետը յաճախակի առիթներով կ՛այցելէ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանը եւ մօտէն կը հետաքրքրուի թանգարանին աշխատանքներով: 23 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտուն, վեհափառ հայրապետը դարձեալ այցելեց, շրջեցաւ թանգարանի բաժանմունքները եւ գոհունակութեամբ իմացաւ, որ հակառակ համաճարակին ստեղծած դժուար պայմաններուն, թանգարանը կը շարունակէ հայ թէ օտար այցելուներ ունենալ:
Վեհափառ հայրապետը շեշտեց խնամակալութեան գործունէութեան վերաշխուժացման հրամայականը: Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը թանգարանի յուշամատեանին մէջ արձանագրեց. «Այն հայը, որ կ՛այցելէ այս թանգարանը արցունքոտ աչքերով` սակայն իր պահանջատիրական կամքը վերանորոգած դուրս կու գայ: Իսկ օտարը, որ կ՛այցելէ` իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդի արդար դատին»: