Սևրի Դաշնագրի ստորագրման 100-ամեակին առիթով` Հ.Յ. Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու ընկերվարական ուղղութիւն ունեցող երիտասարդական կազմակերպութիւններու համատեղ յայտարարութեան մասին անդրադարձած է CNN Turk հեռուստակայանը։
Օգոստոս 28-ին հեռարձակուած «Ուշադրութեան կեդրոն» հաղորդման ընթացքին թուրք լրագրողներ մօտաւորապէս քսան վայրկեան տեւողութեամբ քննարկած եւ յատկապէս քննադատած են Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան (HDP) երիտասարդական խորհուրդի մասնակցութիւնը վերոնշեալ նախաձեռնութեան: Թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը նոյնպէս անդրադարձած է վերոնշեալ յայտարարութեան։
Horizonweekly.ca