Էմրէ Աքէօզ կը պատմէ թէ որքան անհանգիստ են հայկական արմատ ունեցող թուրք հայրենակիցները
Այս հետաքրքրական խորագրին ներքեւ «Սապահ»ի քրոնիկագիր Էմրէ Աքէօզ կրկին կ՚անդրադառնայ 1915-ին մահմետականացած կիներու կամ այրերու թոռներուն պատմութեան։ Մեկնակէտը երկու գիրքերն են, մէկը Ֆէթհիյէ Չէթինի «Մեծ մայրիկս» անուն նշանաւոր գիրքը, երկրորդը Այշէ Կիւլ Ալթընայի նոր հրատարակուած «Թոռներ» անուն գիրքը։ Յօդուածագիրը նախ կը յիշեցնէ Ֆէթհիյէ Չէթինի մեծ մօր Սէհէրի պատմութիւնը, որ Հրանոյշ անուն հայուհի մըն էր եւ որ 70 տարի վերջ է որ կրցաւ պատմել իր պատմութիւնը։ Այս գիրքին հրատարակութենէն վերջ ուրիշներ ալ կրցան պատմել կամ իմանալ որ կու գային հայկական արմատէ։ Ասոնց թիւը այսօր ըստ Հրանդ Տինքի կը հասնէր 500 հազար հոգիի։ Բայց այսօր ի՞նչպէս կ՚ապրին այս մարդիկը։ Բուն հարցումը այս է եւ յօդուածագիրը այնուհետեւ կ՚ընէ հետեւեալ խորհրդածութիւնները.-
*
Ի՞նչ էր վիճակը այս թոռներուն, ի՞նչեր կը մտածէին անոնք։ Նախ կը տեսնենք հետեւեալը։ Հայկական արմատ ունեցողները նոյնիսկ եթէ իրենց մոռնան այս ճշմարտութիւնը, պետութիւնը կարեւոր կը նկատէ ու չի մոռնար։ Պիտի յիշէք որ Թուրք Պատմութեան Կաճառի նախկին նախագահ Փրօֆ. Եուսուֆ Հալաճօղլու ինչպիսի հակազդեցութեան ենթարկուած էր երբ խօսած էր քրտացած կամ ալեւի դարձած հայերու մասին։ Հալաճօղլու ըսած էր որ ի ձեռին կային մինչեւ իսկ տուներու հասցէները ընդգրկող ցանկեր, բայց չէր կրնար հրապարակել այդ ցանկերը։ Կարգ մը թոռներու կեանքը ցոյց կու տայ որ պետութիւնը անոնց մասին կատարեալ ցանկեր ունի ու պարբերաբար կը գործածէ այդ ցանկերը։
Օրինակ «Մէմէտ» 12 Սեպտեմբերի շրջանին զինուորական ծառայութեան ընթացքին է որ իմացաւ որ հայկական արմատ ունէր։ Ասիկա սորված էր երբ ծեծով ու նախատինքներով իրեն հարցուցած էին թէ թլփատւա՞խ էր։ Պետութեան աչքին, ան անպատեհ մարդ էր։
Ամէն շրջանին ալ յայտնուած են մարդիկ որոնք ողբացեալ Թիւրքան Սայլանի նման խօսած են հանրապետութեան համահաւասար իրաւունքներ ունեցող հայրենակիցներուն մասին։ Ասոնք շինծու խօսքեր են, ճշմարտութեան հետ կապ չունին։
Մարդիկ երբ դէմ յանդիման կու գան դիմադրական ճշմարտութիւններու հետ, հետաքրքրական լուծումներ ալ կը գտնեն։ Օրինակ, այն տղաքը որ երկու անուն ունին։ Կամ անոնք որոնք փողոցը մահմետական են, տունէն ներս հայ Քրիստոնեայ։ Մարդիկ որոնք կ՚ըսեն թէ անաստուած են, բայց Կիրակի օրերը եկեղեցի կ՚երթան։ Մարդիկ որոնք իրենց տան պատերուն վրայ կը կախեն հովիւի նման Քրիստոսի մը պատկերով գորգեր։ Բայց եթէ հարցուի թէ այսպիսի թոռներու հասարակաց կէտը ինչ է, պիտի ըսենք որ անոնք այսօր իսկ վախի ու անհանգստութեան մէջ կ՚ապրին։ Քիչեր միայն բացայայտ կերպով կրնան կուրծք տալ այս ճշմարտութեան։
Աղբիւր՝ ՄԱՐՄԱՐԱ