ՍԱՐԷՆ-ՁՈՐԷՆ. Մանազկերտ ալ հայեր կան եղեր

Երբ այս սիւնակը անուանեցինք, ասկէ-անկէ առանց ուղեգիծ մը որդեգրելու կամ ալ առանց կաղապարի մը մէջ ձեւաւորելու, սարէն-ձորէն ընտրել մեր նիւթերը: Այսուհանդերձ, ինչպէս որ ընթերցողը արդէն նկատած է, պատմամշակութային կոթողներու, ազգագրական բնոյթի նիւթերու առատութիւնը ատեն ատեն կե ստիպէ արտագրութիւններ կամ փոխառութիւններ ընելու տեղական կամ արտասահմանեան թերթերէ: Անցեալ շաբաթ Թեհրանի ՙԱլիք՚էն Շահէն Յովսէփեանէն էր մեր ՙՄրէն՚ի մասին փոխառութիւնը, իսկ այս անգամ լուրին աղբիւրն է ՙDIHA՚ (Տիգրիս Լրատու Գործալութիւնը) եւ լուրին գրողն է Մուշէն` Իսհակ Տուրսուն, բայց ՙԱնպաշտպան պատմական շէնքերը կը փճանան՚ խորագրով լուրը կը վերաբերի Մանազկերտի (Մալազկիրդ) Հայող եկեղեցիին եւ այլ հնութիւններուն: Այս պատճառաւ ալ թարգմանելով ու համառօտելով լուրը կը ներկայացնենք մեր սիւնակին մէջ. վերջաւորութեան աւելցնելով Մանազկերտի հայոց մասին փշրանքներ` այլ աղբիւրներէ օգտուելով:

Ս. Սերովբեան

Անպաշտպան պատմական շէնքերը կը փճանան

Մանազկերտի հայկական եկեղեցին` ՙՏերա Սոր՚ (Կարմիր Եկեղեցի), հայ հոգեւորականներուն ուսում ստացած ՙՎարչէթիւն՚ (Վարչութիւն?) դպրոցը, իբրեւ դիտարանի աշտարակ գործածուած ըլլալը գրանցըւած ՙՔէվիրէ Քուլ՚ (Ծակ քար) եւ նման պատմական շինութիւններ անհոգութեան հետեւանքով կը թալանուին գանձախոյզներու կողմէ:

Մանազկերտի ՙԱտա՚ անուն թաղի վերոյիշեալ շինութիւններու անցեալին մասին յստակ տեղեկութիւններ պակսելով հանդերձ, կը գիտցուի, որ Տերա Սոր հայոց եկեղեցին պաշտամունքի բաց էր մինչեւ հայոց տեղահանութիւնը: Եկեղեցին Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն վնաս կրելով յանդերձ, մինչեւ մօտիկ անցեալին կանգուն էր: Գանձախոյզներու կողմէ թալանի վայր դարձած եկեղեցիին քարերուն ալ գողցուելով տնաշինութեան մէջ գործածուելու պատճառաւ` այսօր հիմնաքարերուն շուրջ գտնուող ոմանք խաչաքանդակով քարեր միայն կը վկայեն, թէ այնտեղ եկեղեցի մը կար:

Հայ հոգեւորականներ հասցնող ՙՎարչէթիւն՚ դպրոցն ալ ՙԱտալար՚ ջրաթումբի շինութեամբ փճացաւ: Գալով եկեղեցիին մօտը գտնուող Քէվիրէ Քուլ (Ծակ քար) կոչուած կոթողին, կը կարծուի որ ժամանակին որպէս դիտարան կը գործածուէր: Մանազկերտի մէջ կան նաեւ մեր օրերուն հասած տասնեակներով ջաղացքներու մնացորդներ:

Մանազկերտի ՙԱտա՚ կոչուած թաղամասին ամենատարեց բնակիչը, 96-ամեայ Սապրի Եաղճը կը պատմէ, որ խնդրոյ առարկայ շինութիւնները հայերու կը պատկանէին ու միայն հայոց բնակած այս թաղը անցեալին կը կոչուէր` ՙԹախա Մաչկարա՚:

Սապրի Եաղճը սապէս կը խօսի.- ՙԱ. Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ Ռուսերը այստեղէն նահանջեցին, բոլոր հայերը աքսորուեցան: Այստեղի բոլոր պատմական շէնքերը անոնց կը պատկանէին: Ասիկա հայերուն հետ հոս ապրած իմ մեծերէս լսեցի: Այս թաղին հին անունը հայերէն` Թախա Մաչքարա էր, որ աւելի վերջ մօտակայքի ջրառատ աղբիւրներուն պատճառաւ քրտերու կողմէ Թախա Աւտէ անուանուեցաւ: Հոս շատ հայեր կ’ապրէին: Ես Ա. Աշխարհամարտին ծներ եմ: Մեծերէն յաճախ լսած եմ, որ այս թաղը հայոց թաղն էր, շատ գեղեցիկ եկեղեցի մը ունէին, շատ լաւ շինուած էր. ես կանգուն վիճակը տեսայ, մէջը մտած եմ, փոքր, բայց շատ գեղեցիկ շինութիւն մըն էր: Մինչեւ վերջերս կանգուն էր: Պետութիւնը տէր չեղաւ, այստեղի մարդիկն ալ քարերը գողցան, ափսո՜ս, այսօր միայն հիմնաքարերը մնացին՚:

Տէրա Սոր եկեղեցիէն քսան մեթր միայն հեռու, հինգ մեթր բարձրութեամբ սրբատաշ քար մըն է ՙՔէվիրէ Քուլ՚ (Ծակ քար) կոչուած ու մէկ մեթր խորութեամբ թոնրաձեւ փոս ունեցող քարը, որուն վրայ մագլցելու համար ոտքի մատներուն մտնելու ձեւով ծակեր բացուած են: Տեղացի ժողովուրդը կը հաւատայ, որ իբրեւ դիտարան պատրաստուած այս քարը շուրջը հաւաքուած ժողովուրդին խօսք ուղղելու համար ալ գործածուած է:

Գալով Մաչքարա թաղի տուներուն՝ քարաշէն ու առանց շաղախի այս բնակարանները մինչեւ օրս կանգուն են: Ըստ Եաղճըի՝ հայ վարպետներուն երկրաշարժը նկատի ունենալով, քարաժայռերու վրայ կամ անոնց կողքերուն եւ հիւսիս-հարաւ ուղղութեամբ կառուցած այս շէնքերը դիւրին դիւրին չէին փլչեր:

Մանազկերը- 1914

 Միջնադարուն Ապահունիք ու Հարք հայկական իշխանութեանց մայրաքաղաք դարձած Մանազկերտի (Մանաւազկերտ) հիմնադիրը եղած է Մանաւազեան տոհմը:

Մօտիկ անցեալին՝ 1914 թուին, Մանազկերտի կեդրոնին մինչեւ 1400 իջած բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէին հայերը` 945 հոգի (126 տուն), որոնք ունէին Ս. Սարգիս, Ս. Կարապետ, Ս. Յակոբ (վերջինը կիսակործան) եկեղեցիներն ու քաղաքի հարաւակողմը` Ս. Աստուածածնի Մայր Եկեղեցին ու երկու դպրոց (45 աշակերտներով):

Գալով շրջանի հայ բնակչութեան՝ կը հաշուէր 11 931 (1386 տուն) որոնք ցրուած էին 39 գիւղ կամ աւաններու մէջ, ուր կը գտնուէին 25 եկեղեցի, 20 վանք, 35 ուխտավայր եւ 15 վարժարաններ (527 աշակերտներով):

Մանազկերտի շրջանի աւաններերէն ամենէն նշանաւորն էր Թոնդրակ լեռան փէշերուն հիմնուած նոյնանուն գիւղը, որու բնակիչներուն ապստամբութեամբ հիմնուած էր Թոնդրակեցիներ կոչուած աղանդն ու գաղափարախօսութիւնը:

 Աղբիւր` Լէ զԱրմէնիէն, Փ. Փապուճեան եւ Ռ. Գէորգեան

ԱԿՕՍ, 2 Յուլիս, 2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *