Երբ տակաւին անցեալ շաբթու, 28 Յունիսին կը շրջագայէինք Անիի աւերակները, նկատեցինք որ արդէն իսկ փոխուած էին ՙԱնը Սէլճուք Հարապէլէրի՚ (Անը Սելճուքեան աւերակներ) արձանագրութեամբ ցուցատախտակները:
Թէեւ նորերուն վրայ դարձեալ կը նշուէր, որ Անը քաղաքը կերտողները Բագրատունի ցեղէն իշխաններ էին, բայց անոնց հայ ծագումը կամ Անիին երկար ատեն հայոց մայրաքաղաք ըլլալը կրկին ՙմոռցուած՚ էր:
Անին շրջեցանք այս անգամ փոխանակ զօրքերու, ոչ զինուորական տարազով պետական պաշտօնեաներու հսկողութեան տակ, որոնք եւս անհանգստացան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ մեր խումբի ընկերներուն երգած միաձայն ՙՀայր Մեր՚էն:
Մինչ այդ նոր լուր մը եկաւ վերյիշեցնել, որ ՙԱնի՚ն կրկին վերածուեր է ՙԱնը՚ի, այսինքն` ՙյիշատակի՚: Անշուշտ այս թրքացման քաղաքականութեան ջատագով եւ իրենց անուններուն սկիզբին ՙՓրոֆ. Տոքթ.՚ տիտղոսներ կրողներուն ըսելիք պիտի չունենանք, այլ խօսքով` անհեթեթութեամբ պիտի չզբաղինք, քանի որ մինչեւ այսօր մեր ըսած կամ գրածներուն պատճառաւ մեր բերանը մազ բուսաւ, բայց անոնք իրենց համար միշտ մնացին անլսելի, ինչպէս որ 10 դարը անց ժամանակէ ի վեր հոն կանգնած կամ խոնարհած եղած էին անտեսանելի…:
Սարգիս Սերոբեան
ԱԿՕՍ, 2 Յուլիս, 2010