Կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ժամկէտի` 2015-ի նախապատրաստութեանց հանգրուանի սկիզբի նախօրեակին: Ու որքան կը մօտենայ այս ժամկէտը, այնքան կը շեշտուի յուսահատութիւնը մեր պատմական թշնամիներուն` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի մօտ: Արդարեւ, թէ՛ Թուրքիան, թէ՛ Ազրպէյճանը հետզհետէ առաւել շեշտակիօրէն կը բախին փակ դռներու` իրենց յերիւրանքները տարածելու համար, Հայոց ցեղասպանութեան հերքումին թէ Խոջալուի մէջ այսպէս կոչուած «ջարդ»-ի մեղադրանքը հայոց վրայ բարդելու առումով:
Փաստօրէն, եթէ անցնող քանի մը շաբաթներուն, եթէ ոչ օրերուն դէպքերը վերյիշենք, կը նկատենք, թէ ազրպէյճանցիներուն յուսահատութիւնը զիրենք կը մղէ աւելի վայրագօրէն հակադարձելու: Մինչ Թուրքիա, աւելի խորամանկ դիւանագիտութեամբ, կը փորձէ իր վարկին «երեսին ջուրը փրկել», յաչս միջազգային հանրային կարծիքին, ինչ որ կրնայ զինք մղել երկխօսութեան նստելու հայկական պատկան կողմերուն հետ` Հայոց ցեղասպանութեան «հարց»-ի լուծման գծով:
Օրինակ, Գերմանիոյ վարչապետ Անճելա Մերքել Թուրքիա կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին ըսած էր. «Թուրքիոյ կրնայ «միացման» առիթ տրուիլ Եւրոպական Միութեան, բայց ոչ անդամակցութիւն»: Իսկ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման գծով ազրպէյճանցիները բուռն պայքար կը մղեն հակազդելու այս ուղղութեամբ տարուող ճիգերուն, փոխադարձաբար անհիմն զրպարտութիւններ կ՛ընեն հայոց դէմ, այսպէս կոչուած «Խոջալուի ջարդ»-ին կապակցութեամբ:
Ասոր վերջին օրինակը այն է, որ Չեխիոյ խորհրդարանին մէջ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս յայտնած է, թէ առնչակից չէ խորհրդարանի յարաբերական յանձնախումբին տուած որոշումին` «Խոջալուի ջարդ»-ի դատապարտումին գծով, ուր ազրպէյճանական սադրանքով հայերուն դէմ մեղադրանք կ՛ուղղուէր: Փոխադարձաբար, Հայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան դրական պատասխան ստացած է իր չեխ պաշտօնակիցէն` Խոջալուի դէպքը քննելու անգամ մը եւս, այս անգամ` հայկական դիտանկիւնէն:
Սպիտակ տան մէջ մերժուած է Խոջալուի դէպքին առիթով նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ յայտարարութեան կամ կեցուածքի մը դրսեւորումը` ի պատասխան ազրպէյճանական դիմումին: Փոխադարձաբար, հայեր Ուաշինկթընի մէջ ցոյց մը կազմակերպած են` դատապարտելով Սումկայիթի ջարդը:
Բողոք` Սէուլի մէջ
Նմանապէս` Սէուլի մէջ (Հարաւային Քորէա) հայ ցուցարարներ բողոքած են Սումկայիթի ջարդերուն տարելիցին առիթով:
Մոսկուայի մէջ մերժուած է ընդառաջել Խոջալուի դէպքերուն առիթով ազրպէյճանական հաւաքի մը կազմակերպումի դիմումին:
Միլանոյի մէջ (Իտալիա) աաջին անգամ ըլլալով արտօնուած եւ հրաւիրուած է նաեւ Արցախի տաղաւարը` մասնակցելու զբօսաշրջային միջազգային ցուցադրութեան, որուն բացումէն քանի մը ժամ ետք, Արցախի տաղաւարին կից գտնուող ազրպէյճանական տաղաւարի պատասխանատուն բողոքած է: Նոյն գիշերը Արցախի տաղաւարէն գողցուած են արժէքաւոր գիրքեր եւ այլ առարկաներ: Իսկ ապահովութեան պատկան պատասխանատուն մերժած է ընդառաջել ազրպէյճանական բողոքին` դիտել տալով, որ նման ոչ քաղաքակիրթ ընթացքով Ազրպէյճան կրնայ զրկուիլ յառաջիկային նման ցուցահանդէսի մասնակցելէ:
Իսկ վերջին օրերուն, Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ Փարիզի Հայ դատի գրասենեակին կազմակերպած Սումկայիթի տարելիցին ձեռնարկին գծով ֆրանսացի խորհրդարանականներ դատապարտած են դէպքը` քննադատելով ազրպէյճանցիներու խռովարար միջամտութիւնը: Անոնք կոչ ուղղած են անպայման որդեգրելու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը:
http://www.aztagdaily.com/archives/109674