Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի նոր հատորին ներկայացումը

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունիս 28ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանին մէջ (222 East Harvard Street) տեղի պիտի ունենայ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի անգլերէն նոր հատորին՝ «The Armenian Genocide in Literature: Perceptions of Those who lived Through the Years of Calamity » (Հայկական Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ. Ցեղասպանութեան ընկալումը այն սերունդին կողմէ, որ այդ աղէտալի տարիները ապրեցաւ) ներկայացումը, իսկ աւարտին՝ գիրքին մակագրումը:

Հատորին ներկայացումը անգլերէնով պիտի ըլլայ:

Ռուբինա Փիրումեան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն 1989ին վկայուած է դոկտորայի աստիճանով (PhD): Ան դասախօսած է հայ լեզու եւ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ բաղդատական ցեղասպանութիւն, հայոց պատմութիւն եւ Հայ Դատ՝ UCLA-ի, Լա Վըրնի համալսարանին, Կլենտէյլի համայնքային համալսարանին ու Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Ներկայիս ան գիտաշխատող է UCLA-ի մէջ:

Ազգային-հասարակական լայն գործունէութեան կողքին, թէ՛ Թեհրանի ու թէ Ամերիկայի մէջ, ան հեղինակն է Հայկական Ցեղասպանութեան ու Հրէական Ողջակիզման գրականութեանց բաղդատութեան նուիրուած հատորին՝ «Literary Response to Catastrophe» (1993), ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ընթացքին իսլամացած հայերու եւ անոնց գրականութեան նուիրուած հատորին՝ «And Those who Continued Living in Turkey after 1915» (2008): Ան հայերէնով հրատարակած է «Հայաստանը ՀՅԴ-Բոլշեւիկ յարաբերութիւններու ոլորտում» (1997) ու «Հայ գրականութեան դերը հայոց ազգային ազատագրութեան պայքարում» (2003) հատորները, ինչպէս նաեւ պատրաստած է «Հայ Դատ» դասագիրքերու 10-12 դասարաններու դասագիրքերը եւ Հայաստանի դպրոցներու 1-9 դասարաններուն համար պատրաստուած «Հայկական Հարցի պատմութիւն» համացանցային դասաւանդման ուղեցոյցը:

Ներկայացուելիք հատորը այս տարի հրատարակուած է Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ:

Ձեռնարկը կը հովանաւորեն Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Նարեկացիի անուան հայագիտութեան ամպիոնը, նոյն համալսարանի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ուսմանց բարեկամները եւ «Ապրիլ» գրատունը:

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Ճիա Այվազեանին՝ (310) 275-2767 թիւով:
http://asbarez.com/arm/132720/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *