Լոյս տեսած է Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի նախկին պետ Իլքեր Պաշպուղի` Աթաթուրքի մասին գիրքը, ուր կը խօսուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ երիտթուրքերու մասին:
Պաշպուղի Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքին նուիրուած գիրքը`«20-րդ դարու ամենամեծ առաջնորդը. Մուսթաֆա Քեմալ» վերնագրով, այսօր արդէն վաճառքի հանուած է:
Իր գիրքին մասին ան ըսած է, որ ան ոչ կենսագրութիւն է, ոչ ալ պատմական գիրք: Գիրքին մէջ տեղ գտած են Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիրին տեսակէտները տարբեր խնդիրներու` ներառեալ քրտական եւ հայկական հարցերու մասին: Նաեւ, հետաքրքրական մանրամասնութիւններ` հայերու տեղահանութեան եւ սպանութիւններու համար մեղադրուած երիտթուրքերու` «Իթթիհաթ վէ թերաքի» կուսակցութեան անդամներուն հետ Աթաթուրքի հանդիպումներուն մասին:
Գիրքին մէջ կը նշուի, թէ ինչպէս Աթաթուրքը մասնակցած է կուսակցութեան` 1909-ի Սեպտեմբեր 22-ին կայացած երկրորդ համագումարին եւ դէմ արտայայտուած է բանակի` քաղաքականութեան մէջ ներգրաւման:
Թուրքիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր սպայակոյտի նախկին պետ Իլքեր Պաշպուղ, ձերբակալուած է «էրկենեկոն» խմբաւորման գործով, եւ անոր կը սպառնայ ցմահ ազատազրկում: