Մրցանակաբաշխութիւն պատրիարքարանի մէջ

Պատրիարքական Աթոռոյ նախաձեռնութեամբ, 6 Յունիս 2012, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ հիւրասիրուեցան համայնքային վարժարաններու աւարտական դասարաններու կրօնագիտութեան դասի յաջողագոյն աշակերտները, իրենց ծնողները, ուսուցիչներն ու տնօրէնները։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի առընթեր ներկայ էին Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Վիեննական Մխիթարեան ուխտէն Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան, Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենադպիր Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ 

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ թէ անցեալ տարի սկսած եւ այլեւս աւանդական դարձած այս հանդիսութիւնը գեղեցիկ առիթ մըն է մէկտեղուելու համայնքի հոգեւոր կեդրոնի երդիքին տակ ու ողջունելու մեր համայնքային վարժարաններու կրօնագիտութեան ուսուցիչներու վաստակը յանձինս յաջողագոյն աշակերտներու։ Ան, թելադրեց հաւատարիմ մնալ մեր պապենական հոգեւոր արժեքներուն եւ միշտ կապ պահել մեր եկեղեցիին հետ, որ բոլորիս գոյութեան ապաւէնն է։ Նրին Սրբազնութիւնը ըսաւ նաեւ թէ այս հանդիսութիւնը մտայղացումն էր Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն այս կազմակերպութեան համար։ Իւ գնահատանքը յայտնեց վարժարաններու կրթական մշակներուն, որոնք իրենց աշակերտներուն կը փոխանցէին մեր հաւատքի արժէքները։

Ապա կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, նախ նախակրթարան, ապա լիսէներու շրջանաւարտներուն, ըստ հետեւեալի. Անարատ Յղութիւն Վարժարանէն Նաթալի Սավուլեան, Արամեան Ունճեան Վարժարանէն Արէս Գօճաօղլու, Գալֆայեան Վարժարանէն Տանիէլա Պաքըրճըօղլու, Գարակէօզեան Վարժարանէն Լիանա Տէմիրճի, Եշիլգիւղի Վարժարանէն Ժպիտ Յակոբեան, Էսաեան Վարժարանէն Ճէնիֆըր Տատեան, Թարգմանչաց Վարժարանէն Նորվան Քիւչիւքաթէշ, Լեւոն Վարդուհեան Վարժարանէն Իզապէլ Չամ, Մէրամէթճեան Վարժարանէն Քամի Պօզուքեան, Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանէն Սէլին Մանան եւ Անժէլ Մանան, Պէզճեան Մայր Վարժարանէն Մանուէլ Խաչիկօղլու, Սահակեան Նունեան Վարժարանէն Ռէպէքա Չաքըր, Տատեան Վարժարանէն Արի Սվասլըօղլու եւ Ժուլիանա Առլին Աք, Էսաեան Վարժարանէն Ռոպին Եայլա, Առէն Տիքիճի եւ Միրա Չիզմէճիօղլու, Կեդրոնական Վարժարանէն Նատին Փիլիկօղլու, Առէն Սարըօղլու, Ժպիտ Քիւչիւքսվազլեան, Արթին Ճան Պահարօղլու եւ Արբուն Ճան Յուլեար, Վիեննական Մխիթարեան Վարժարանէն Մէլիս Սօլաքօղլու, Սահակեան Նունեան Վարժարանէն Ասլին Սարըգայա, Լեռնա Կէօրէյ, Մարալ Քարտէլէն Ույսալ եւ Տէնիզ Չաթ, Սուրբ Խաչ Լիսէէն Արէտ Ագգուշ, Անէթ Թաշճըօղլու։ 

Օրհնութեան գրերու հետ աշակերտներուն յանձնուեցան փայտէ փորագրուած սեղանի խաչեր, Սուրբ Գիրքեր եւ Պատրիարքարանի հրատարակած գիրքեր 

Յանուն ներկաներու արտայայտուեցաւ Մխիթարեան ուխտէն Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբազնութեան այս կարեւոր ձեռնարկին համար։ Ան, մաղթելով որ այս մէկը վերջինը չըլլայ, հրաւիրեց ծնողները աւելի կարեւորութիւն ընծայելու մեր պապենական հաւատքին ու արժէքներուն։

Ապա ներկաներ հիւրասիրուեցան կոկիկ սեղաններու շուրջ։

http://www.lraper.org/?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003927&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *