Էրտողան-Քըլըճտարօղլու հանդիպումը հալեցուց երկու կուսակցութիւններու միջեւ սառերը

Պիտի հիմնուին Հաւաքական համաձայնութեան յանձնախումբ ու Իմաստուն մարդոց խմբակ

Քրտական հարցի համար ալ պիտի տարուի հաւաքական աշխատանք, ինչպէս կը տարուի Սահմանադրութեան պատրաստութեան համար

Հանրութիւնը մեծ հետաքրքրութեամբ կը սպասէր, որպէսզի տեսնէր, թէ ինչ արդիւնք պիտի ստացուէր այն հանդիպումէն, զոր Քրտական հարցի լուծման ի նպաստ երէկ իրարու հետ պիտի ունենային Վարչապետ Թայյիպ Էրտողան ու Ճէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու։ Էրտողան ու Քըլըճտարօղլու, երկար ամիսներ իրարու դէմ ամէնէն ծանր ակնարկութիւնները ընելէ ետք երէկ նստան դէմ դիմաց ու խորհրդակցեցան այն մասին, թէ ի՞նչպէս կարելի է վերջ տալ ահաբեկչական աղէտին եւ թէ ինչ կարելի է ընել Քրտական հարցի լուծման համար։ Քաղաքականութեան թիւ մէկ օրէնքն է` մէկ կողմէ պայքարիլ իրարու դէմ, մէկ կողմէ ալ զիրար պատուել ու իրարու հետ երկխօսութիւն պահել։ Էրտողան արտակարգ պատիւներով դիմաւորեց Քըլըճտարօղլուն ու անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը։ Մէկ ժամ տեսակցեցան։ Կը թուի, թէ գրեթէ բոլոր հարցերուն մէջ համաձայնեցան։ Բայց այդ համաձայնութիւնը հաւանաբար արդիւնք պիտի չտայ, որովհետեւ Մէ-Հէ-Փէ հակառակած է այս հանդիպման։ Մինչդեռ, որպէսզի երէկուան հանդիպման ընթացքին ընդունուածները գործադրութեան դրուին, պայման է որ ստացուի բոլոր կուսակցութիւններուն, այսինքն` Մէ-Հէ-Փէի ու Պէ-Տէ-Փէի եւս համաձայնութիւնը։ Եթէ ստացուի լաւ, իսկ եթէ չստացուի, այդ պարագային Ճէ-Հէ-Փէ եւ Ա-Գէ-Փէ միջոցներ պիտի փնտռեն, որպէսզի երկուքով գլուխ հանեն այս գործը։

Քըլըճտարօղլու ու գործընկերները սեղանին վրայ դրին բազմաթիւ յօդուածներէ բաղկացեալ ծրագիր մը, որուն կողմնակից եղաւ նաեւ Ա-Գէ-Փէ։ Ա-Գէ-Փէի շրջանակները գովասանքով արտայայտուեցան Ճէ-Հէ-Փէի այս խնդրին մէջ ցուցաբերած զօրակցութեան մասին։ Կարելի է ըսել, որ թերեւս միջոցի մը համար սառերը հալեցան երկու կուսակցութիւններու միջեւ։

Ճէ-Հէ-Փէի կողմէ առաջարկուած ծրագիրը կը յիշեցնէ, թէ ահաբեկչութիւնը, հակառակ ապահովութեան ուժերու դիմադրութեան, կը շարունակուի սաստկութեամբ։ Պատմութիւնը ցոյց տուաւ, որ ապահովութեան ուժերու միջոցառումները բաւարար չեն ու պիտի չըլլան, որպէսզի ահաբեկչութիւնը յաղթահարուի։ 1984 թուականէն մինչեւ 2009 թուական, Սպայակոյտի Նախագահութեան տուեալներուն համաձայն, իրենց կեանքը կորսնցուցին 11.732 ապահովութեան պաշտօնեաներ կամ զինուորներ, մօտաւորապէս 30.000 ՓՔՔ-ականներ ու հազարաւոր անմեղ քաղաքացիներ։ Ուրեմն անհրաժեշտ է, որ գտնուին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի տարբեր միջոցներ։ Այս խնդրին մէջ Թուրքիոյ Խորհրդարանը մինչեւ այսօր ազդու միջամտութիւն մը չէ ունեցած, մինչդեռ այս խնդրին լուծման հասցէն ամէն բանէ առաջ Ազգային Խորհրդարանն է։ Ազգային Խորհրդարանն է, որ պէտք է ստանձնէ այս խնդրին գլխաւոր պատասխանատուութիւնը։ Ասիկա կը նշանակէ Հաւաքական Համաձայնութիւն, քանի որ Խորհրդարանը ամբողջ երկիրը կը ներկայացնէ։ Ինչպէս որ նոր Սահմանադրութեան պատրաստութեան համար դիմում կը կատարուի բոլոր կուսակցութիւններուն ու հաւաքական համաձայնութիւն կը փնտռուի այդ խնդրին մէջ, նոյնը պէտք է ըլլայ քրտական հարցի պարագային։

Այս տեսակէտներէն մեկնելով` Ճէ-Հէ-Փէ կ՚առաջարկէր որ Խորհրդարանէն ներս հիմնուի Հաւաքական համաձայնութեան յանձնախումբ մը, իսկ Խորհրդարանէն դուրս ալ այս նպատակին համար աշխատի «Իմաստուն մարդոց խմբակ» մը։

Հաւաքական համաձայնութեան յանձնախումբի կազմին հաւասար չափով պիտի մասնակցին բոլոր այն կուսակցութիւնները, որոնք խմբակ ունին Խորհրդարանին մէջ։ Անոնք պիտի կազմեն ութ հոգիէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը։

Իսկ Իմաստուն մարդոց խմբակը պիտի ունենայ 12 անդամներ, որոնք դարձեալ բոլոր կուսակցութիւններու կողմէ պիտի առաջարկուին հաւասարութեան չափով։

Այս մայր սկզբունքները ընդունելութիւն գտան Ա-Գէ-Փէի կողմէ ալ, եւ երկու կուսակցութիւններու բանբերները երէկ ժողովէն վերջ լաւատես արտայայտութիւններ ունեցան մէկզմէկու մասին։ Բայց հիմնական արգելքը կուգայ Մէ-Հէ-Փէէն, որ բացարձակապէս կը մերժէ մասնակցիլ այս երկխօսութեան ու մասնաւորաբար դէմ կուգայ Ճէ-Հէ-Փէի այս նախաձեռնութեան։ Իսկ Պէ-Տէ-Փէ ի՞նչ կեցուածք պիտի որդեգրէ, այդ ալ տակաւին յայտնի չէ։

Լաւատեսութիւն ներշնչող կէտն այն է, թէ վարչապետ Էրտողան վճռած է գործակցութիւնը շարունակել Ճէ-Հէ-Փէի հետ եւ ըսաւ, որ եթէ կարելի չըլլայ ներառնել միւս երկու կուսակցութիւնները, այդ պարագային Ա-Գէ-Փէ աշխատանքը պիտի շարունակէ` գործակցելով Ճէ-Հէ-Փէի հետ։

 http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *