ԱՆԻ (կրճատումներով)

Անին այսօր կը գտնուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան Կարս նահանգին մէջ `Ախուրեան գետի աջ ափին վրայ, որու ձախ ափն ալ Հայաստանն է. Ան անմարդաբնակ է ու աւերակ դարձած. Ծովու մակարդակէն 1500 մ. բարձրութեան վրայ եռանկիւնաձեւ սարահարթ մըն է, շրջապատուած Անի գետակով, որ Ախուրեանին կը խառնուի Իգաձորով, Ծաղկոցաձորով եւ Գայլաձորով. Հիւսիսային կողմէ ալ պարսպապատուած է, որով անառիկ դիրք ունեցած է.

Անին շատ հին ժամանակներէն ի վեր բնակելի վայր եղած է. Շիրակի այդ տարածքին վրայ գտնուած են Ք. Ա. առաջին հազարամեակին պատկանող կիկլոպեան շինութիւններու (մեծածաւալ քարերով, առանց շաղախի խոշոր շինութիւն) մնացորդները. Անիի շրջակայ ձորերուն մէջի քարանձաւներն ալ եղած են բնակելի վայրեր. Անոնցմէ մէկուն մէջ գտնուած է Ք. Ա. երկրորդ հազարամեակէն մնացած պրոնզէ ապարանջան. Քաղաքին մօտակայ գերեզմանադաշտէն յայտնաբերուած են Ք. Ա. 8-7 – րդ դարերու իրեր.

Քաղաքը իր անունը առած է Բարձր Հայքի Դարանաղի գաւառի (այժմ, Քէմախ, Թուրքիոյ մէջ Եփրատի ձախ ափին) Անի բերդաքաղաքէն, որ հեթանոսական շրջանին հռչակաւոր էր Արամազդ չաստուածի մեհեանով եւ թագաւորներու գերեզմաններով.

Շիրակի դաշտի Անի ամրոցը կը պատկանէր Շիրակի եւ Արշարունքի տէր Կամսարական իշխանական տան. Աշոտ Մսակեր Բագրատունի, 780 – ական թուականներուն, կը գնէ Կամսարականներուն հողատարածքը, որոնք Հայաստանէն կը հեռանան ու Բիւզանդական Կայսրութեան ծառայութեանը կը մտնեն. Բագրատունիներու թագաւորութեան սկզբնական շրջանին Անին երկրին կարեւորագոյն բերդերէն մին էր եւ թագաւորութեան գանձին մէկ մասը հոն կը պահուէր. Աշոտ Գ. Ողորմած (953-977), երկրին մէջ խռովութիւնները դադրեցնելէ եւ ապահովութիւնը հաստատելէ յետոյ `961 թուականին, մայրաքաղաքը Կարսէն Անի կը փոխադրէ. Այդ միջոցին Անի միջնաբերդին շուրջ տարածուած փոքր բերդաքաղաք մըն է. Անանիա Ա. Մոկացի կաթողիկոսը (946-968), Անիի մէջ, օծէ Աշոտը թագաւոր կ. Մի քանի տարի յետոյ Աշոտ կը շինէ Անիի ներքին պարիսպը, որ Աշոտաշէն կը կոչուի. Աշոտի օրով կը շինուի քաղաքին ջրմուղի սարքաւորումը, երկաթէ եւ կաւէ խողովակներով.

Քաղաքը, գտնուելով Դուին – Տրապիզոն առեւտրական ճամբուն վրայ, շուտով կը մեծնայ. Արհեստաւորներ եւ վաճառականներ շրջակայ քաղաքներէն Անի կը փոխադրուին. Սմբատ Բ. (977-989), հետզհետէ տարածուող քաղաքի բնակչութիւնը յարձակումներէ պաշտպանելու համար կը շինէ նոր պարիսպ. Սմբատեան կոչուած 2,5 քմ. երկարութեամբ, 8-10 մ. բարձրութեամբ այս պարիսպի շինութիւնը կը տեւէ ութը տարի. Կ ‘աւարտի 989 – ին. Բերդի արտաքին կողմը կը փորուի մօտաւորապէս 500 մ. երկարութեամբ ու մ 10-12. լայնքով խրամ, որ ջրով կը լեցուի. Անիի բերդը ունեցած է աւելի քան 80 աշտարակներ, որոնց մէջ կային զօրանոցներ, պահականոցներ եւ ոմանց մէջ ալ եկեղեցիներ եւ մատուռներ.

Գագիկ Ա .- ի թագաւորութեան (989-1020) խաղաղ տարիներուն Անիի բնակչութեան թիւը կը հասնի 100000 – ի, ըստ ոմանց ալ, 200000 – ի. Նախարարներ, իշխաններ, մեծահարուստներ, վաճառականներ Անիի մէջ կը կառուցեն պալատներ, առեւտուրի շէնքեր, նաեւ եկեղեցիներ.Անիի մէջ այնքան շատ եկեղեցի շինուած է որ քաղաքը կոչուած է նաեւ «հազար ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք». Պատմիչներ Անի համար գործածած են «մեծ», «տիեզերահռչակ», «տիեզերեկեան», «քաղաքամայր» ածականները.

Ախուրեանի վրայ շինուած էր բաւական թիւով կամուրջներ, որոնցէ միայն մէկ հատը, Կուսանաց վանքի մօտակայ կամուրջը, գուցէ «Մետաքսի Ճամբայ» – ի, կամ «Անի» կամուրջը, կիսաւեր վիճակի մէջ տակաւին գոյութիւն ունի.

Անին ունեցած է ընդյատակեայ մաս մը. Պեղումներու ընթացքին (1904 – 1917) յայտնաբերուած եւ ուսումնասիրուած է հողի տակի այս քաղաքը, որուն կառոյցը հողագետնի ձեւաւորումին կը հետեւի. Եռանկիւնաձեւ է եւ դէպի գետերուն հունին, իջնէ ձոր կ. Ընդյատակեայ Անիի ուսումնասիրուած 500 քարանձաւներու մէջ գոյութիւն ունեցած են 400 բնակելի տուն, 30 եկեղեցի, եկեղեցական համալիր մը, մատուռով եւ մենաստաններով, դամբարաններ, գերեզմաններու 8 խումբեր, մառաններ, զանազան ուտեստեղէններու ամբարման կեդրոններ, ջուրի շտեմարաններ, գինիի եւ իւղի ամբարանոցներ, ըմպելարաններ, գոմեր, ձիերու յատուկ ախոռներ, կարաւանատներ, 16 թառանոցներ. 1988 – ի երկրաշարժի հետեւանքով ընդյատակեայ քաղաքին մեծ մասը կքած է.

Վասպուրականի թագաւոր Սենեքերիմ, 1021 – ին, Վասպուրականը Բիւզանդիոյ Վասիլ (Բարսեղ) Բ. կայսրին (976-1025) կը յանձնէ. Վասիլ, Տայքի ապստամբութիւնը արեան մէջ խեղդելէ յետոյ (1022-1023), Սմբատ Գ .- էն կը պահանջէ Կարսն ու Անին. Սմբատ, որ զաւակ չունի, 1023 – ին Անիի թագաւորութիւնը Վասիլ Բ .- ին կը կտակէ. Բիւզանդական կայսրութիւնը Անին կը պահանջէ. Սպարապետ Վահրամ Պահլաւունիի գլխաւորած ճակատը Աշոտ Դ .- ի 17 տարու որդին, Գագիկ Բ .- ը (1042/3-1045) հայոց թագաւոր կը հռչակէ. Բիւզանդացիներ 1043 – 44 – ին մի քանի անգամ Անին կը պաշարեն եւ քաղաքի յանձնումը կը պահանջեն. Անեցիներ, գլխաւորութեամբ Վահրամ սպարապետի, քաղաքը կը պաշտպանեն եւ Անի կը մնայ անառիկ.

Կոստանդին Թ. կայսրը (1042-1055) Գագիկ Բ .- ը կը հրաւիրէ Կ. Պոլիս, Բիւզանդիոյ մայրաքաղաքը, կտակը վերադարձնելու պատրուակով. Գագիկ երթալ չկամենար. Պետրոս կաթողիկոս եւ Վեստ Սարգիս Գագիկը կը համոզեն. Գագիկ Կ. Պոլսոյ մէջ կ ‘արգելափակուի. Կը պարտադրուի Անին յաձնել. Բիւզանդական բանակը, 1044 – ին, կը պաշարէ Անին. Անեցին, Վահրամի գլխաւորութեամբ, բիւզանդական բանակը կը պարտադրէ նահանջել. 1045 – ին, բիւզանդական բանակը Անին դարձեալ կը պաշարէ. Անին յանձնելու տրամադիր անձերու, դաւաճաններու տարած աշխատութիւնը ժողովուրդին դիմադրելու ուժը կը ջլատէ եւ բիւզանդական բանակը, առանց ընդդիմութեան, քաղաքը կը գրաւէ. Այսպէսով վերջ կը գտնէ Անիի թագաւորութիւնը , Բագրատունիներու թագաւորութիւնը (1045) եւ Հայաստան կը դառնայ բիւզանդական հողատարածք. Գագիկի կը տրուի Կապադովկիայի Պիզու քաղաքը .1046 – ի եւ 1131 – ի երկրաշարժները քաղաքին մեծ վնաս կը հասցնեն.

Անիի անկումէն յետոյ Բիւզանդական Կայսրութիւնը երկրի ռազմական ուժերը կը տեղահանէ եւ կայսրութեան այլ տեղերը կը քշէ. Տուրքերը կ ‘աւելցնէ արծարծէ. Դաւանաբանական հարցեր կ. Ընդհանուր դժգոհութեան տեղի կուտայ.

Մինչեւ 11 – րդ դարու սկիզբը Միջին Ասիա խաշնարած ու վրանաբնակ կեանք վարող Սելջուկներ, նոյն դարու 30 – ական թուականներուն, իրենց կ ‘ենթարկեն ամբողջ Պարսկաստանը, հիմք դնելով սելջուկեան պետութեան. 1049 – ին Սելջուկները Բիւզանդացիներուն կը յաղթեն. Երրորդ արշաւանքի ընթացքին, Ալփ – Ասլանի ( 1063-1072) գլխաւորած բանակը, 1064 – ին, մեծ թիւով զոհեր տալով, Անի կը գրաւէ.

Վրաստանի թշնամիներուն դէմ իրենց տարած յաղթանակներով վրացական բանակին ու արքունիքին մէջ արագօրէն բարձրացող Արծրունիներու տոհմէն Զագարեան իշխանները 1199 – ազատագրեն ին Անին կ. Անին կ ‘ըլլայ իրենց իշխանութեան մայրաքաղաքը. Քաղաքը կը սկսի դարձեալ ծաղկիլ. Կը կառուցուին դղեակներ, կը հիմնուին արհեստանոցներ, առեւտրականութիւնը կը յառաջանայ . Անի նստող Զագարեան իշխանը կը կոչուի «շահնշահ», «թագաւոր» եւ վրաց Բագրատունիներու արքունիքին մէջ թագաւորէն յետոյ ամենաբարձր անձը կը նկատուի. Պատմիչներ այս իշխանութիւնը կը կոչեն «պետութիւն», «պետական իշխանութիւն», «թագաւորութիւն», «աշխարհակալ տէրութիւն».

1236 – ին թաթար – մոնկոլները քաղաքը կը գրաւեն, կը թալանեն, անցնեն բնակչութիւնը սուրէ կ. Անեցիներու 1249 – ի եւ 1260 – անցնի ի ապստամբութիւնը անյաջող կ. Մոնկոլներու տիրապետութեան շրջանին ալ Զագարեաններ կը շարունակեն իրենց իշխանութիւնը.

Մոնկոլներու եւ թրքական ցեղերու տիրապետութեան տակ, բարձր տուրքերու եւ աննպաստ քաղաքականութեան հետեւանքով, Անին անկում կը կրէ եւ անեցիներ կը սկսին գաղթել. Յատկապէս 1319 – ի երկրաշարժէն յետոյ զանգուածային գաղթեր կ ‘ըլլան դէպի Վրաստան, Վասպուրական, Կիլիկիա, Համշէն, Ղրիմ. Ղրիմէն ալ Կ. Պոլիս, Լեհաստան, Հունգարիա.

Անիի մէջ կտրուած դրամները, յիշատակարաններու գրութիւնները ցոյց կուտան, թէ մինչեւ 15 – րդ դարու սկիզբը քաղաքը տակաւին բոլորովին չէր ամայացած. 16 – րդ դարուն Անին արդէն դարձած էր պզտիկ գիւղ:                                         

 1877-78 – ի ռուս – թրքական պատերազմի վերջաւորութեան Անի կ ‘անցնի Ռուս Ցարական Կայսրութեան ձեռքը եւ մաս կը կազմէ Կարսի մարզին.

1920 – ի աշնան թուրքերը կը գրաւեն Անին ու 1921 – ի Մարտի 16 – անցնի Թուրքիոյ ին Մոսկուա ստորագրուած ռուս – թրքական դաշնագրով Անին պաշտօնապէս կ.

Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *