Արմաւիրի Բլուրի հիւսիսային տեսքը
Քաղաքի հիմնադիրն է Արգիշտի Ա. (Արա) (Ք.Ա. 786-764). Ան Հայկական լեռնաշխարհի ցեղերը Ուրարտական պետութեան մէջ միաւորելէ յետոյ կը ձեռնարկէ Ասորեստանի ազդեցութեան տակ գտնուող ցեղերու միաւորման. Կ ‘արշաւէ մինչեւ Բաբելոն. Ան Ասորեստանի դէմ պատերազմէ մը յաղթական վերադարձին, Նաիրիի Ազա երկրին մէջ, Երասխ (Արաքս) գետի նախկին հունի ձախ ափին, 76 մ. բարձրութեամբ բլուրի մը վրայ, Ք.Ա. 776 – ին, կը շինէ քաղաք մը, Արգիշտիխինիլին. Քաղաքի հիմնարկման, պաշտպանութեան, տնտեսական, կրօնական, պալատական կառոյցներու մասին տեղեկութիւններ կան գտնուած 17 սեպագիր արձանագրութիւններու վրայ. Ատոնցմէ միուն վրայ գրուած է. «Արգիշտին, Մենուայի որդին, ըսէ կ ‘, հոյակապ ամրոց շինել տուի, հաստատեցի Արգիշտիխինիլի անունը. … Գետէն չորս ջրանցք բերել տուի, անտառ հիմնեցի, այնտեղ մեծագործութիւններ ըրի». Քաղաքի պարիսպներուն հաստութիւնը 3,5 մ. է, փորուած ջրանցքներուն ընդհանուր երկայնութիւնը, 40 քմ. եւ լայնքը ու խորութիւնը, 2 – ական մ ..
Բուն քաղաքը շրջապատուած է պարիսպներով, ուր զօրանոցը, արհեստանոցները, պետական պաշտօնէութեան եւ քուրմերու յատկացուած շէնքերը կը գտնուին. Բլուրի ստորոտին կը տարածուի քաղաքի բնակչութեան յատկացուած մասը.
Ժողովուրդը առ հասարակ զբաղած է այգեգործութեամբ, կաշեգործութեամբ, մանածագործութեամբ. Յատկապէս կատարելիութեան հասած է խեցեգործութիւնը.
Մարերը Հայաստանի վրայ կը յարձակին Ք.Ա. 590 – 585 թուականներուն եւ կ ‘այրեն Արգիշտիխինիլի, Թէյշեբաինի (Կարմիրբլուր) եւ Էրեբունի քաղաքները.
Արգիշտիխինիլիին տեղը ճշդած է Տիւ Պուա տը Մոնբերէն 1830 – ական թուականներուն. 1880 – ին սկսուած պեղումներուն ընդհատումներէ վերջ կը վերսկսուի 1927 – ին. Կանոնաւոր ու արդիւնաւոր պեղումները կը կատարուին 1962 – էն սկսեալ. Կը յայտնաբերուին Ք.Ա. 5 – 4 – րդ հազարամեակի պատկանող իրեր.
Արգիշտիտիխինիլին արեւելեան ու արեւմտեան բլուրներուն վրայ կը գտնուէր երկու ամրակուռ, եռապարիսպ ամրոց, ուր կային մեծահարուստներու շքեղազարդ պալատները, բազմաթիւ տաճարներ, հացահատիկի պահեստներ, գինիի մառաններ, խեցեգործութեան, ջուլհակութեան, դարբնի, կաշեգործութեան, մանածագործութեան, քարագործի, հիւսնի արհեստանոցներ, դեղագործի տուներ.
Ք.Ա. 3 – րդ հազարամեակին շումերերէն, խուռիերէն, խեթերէն եւ աքքադերէն լեզուներով գրուած ասուրաբաբելոնական «Կիլկամիշ» դիւցազնավէպի ելամերէն երեք սեպագիր սալիկները 1985 – ի պեղումներուն ընթացքին գտնուած են. Անոնց վրայ սոյն դիւցազնավէպէն բեմադրական հատուածներ կան. Այս հատուածները հաւանաբար բեմադրուած են Ք.Ա. 760 թուականին, Սարդուրի Բ .- ի (Ք.Ա. 764-735) հարսանեկան հանդէսին. Սա ցոյց կու տայ, թէ այդ շրջանին թատրոնը Հայաստանի մէջ զարգացած արուեստ մըն էր.
Հայաստան Երուանդ Ա. Սակաւակեացի օրով (Ք.Ա. 570-560) իր անկախութեան կը տիրանայ. Սակայն, երբ Պարսկաստանի Աքեմենեան ընտանիքը իշխող Մարերու թագաւորութեան Ք.Ա. 550 թուին վերջ կուտայ, Հայաստան կը ստիպուի Աքեմենեաններու գերիշխանութեան ենթարկուիլ.
Պարսկաստանի Քիրմանշահ քաղաքի մօտ, Բէհիստունի (Բաղիստանա) գիւղի բարձր մէկ ժայռին վրայի երեք լեզուով սեպագիր արձանագրութիւններու համաձայն հայերու ապստամբութիւնը զսպելու համար Դարեհ Ա. (Ք.Ա. 522-486) Դադարսէս (Դադարշիշ) անուն հայ զօրավարի մը հրամանատարութեամբ Հայաստան բանակ կը ղրկէ. Այս երեք լեզուով արձանագրութիւններու իւրաքանչիւրին մէջ Հայաստանի համար գործածուած է երեք տարբեր անուն, հին պարսկերէնով Արմինա, աքքադերէնով, Ուրարտու եւ ելամերէնով ալ, Հարմինուեա. Ք.Ա. 519 – ին վեց ամսուայ ընթացքին երեք ճակատամարտեր տեղի կ ‘ունենան, բոլորն ալ Հայաստանի հողատարածքէն դուրս.
Վերջին պատերազմին հայերը պարսկական բանակը նահանջի կը պարտադրեն ու մինչեւ Ասորեստանի հիւսիսային կողմերը զանոնք կը հետապնդեն. Ժայռին վրայ կը կարդացուի. «….. Բանակս ապստամբներէն շատ մարդ սպաննեց ». Գրութեան մէջ յաղթանակի մասին որեւէ ակնարկութիւն չկայ.
Դարեհ, վեց ամիս վերջ, Ք.Ա. 518 – ին, այս անգամ ալ պարսիկ զօրավարի մը, Վահումիսայի հրամանատարութեամբ դարձեալ բանակ կը ղրկէ. Երկու ճակատամարտեր կը մղուին. Վահումիսա, հայերու ցոյց տուած յամառ ու հերոսական ընդդիմութեան հետեւանքով նախամեծար կը նկատէ Դարեհը կանչել, որպէսզի ան հայերը խաղաղեցնէ. Դարեհ նոյն ժայռին վրայ գրել կուտայ . «…… Ապստամբները Վահումիսայի դէմ պատերազմի ելան. Ասորեստանին մէջ Իզարա անունով տեղ մը կայ. Ճակատամարտը հոն տեղի ունեցաւ. ….. Իմ բանակը ապստամբներու բանակէն շատ մարդ սպաննեց ». Հոս ալ յաղթանակի մասին ակնարկութիւն չկայ եւ ճակատամարտը ասորական հողերու վրայ եղած է.
Ապստամբողները միայն հայերը չէին. Դարեհի գերիշխանութեան ենթակայ ուրիշ երկիրներ ալ նոյն վիճակի մէջ էին. Դարեհ կը ստիպուի բարեկարգութիւններ կատարել. Ան իր գերիշխանութեան ենթարկած երկիրները կը բաժնէ 20 սատրապութիւններու, մարզերու. Հայաստանի մէկ մասը կ ‘ըլլայ 13 – րդ սատրապութիւնը, Վանը որպէս կեդրոն եւ միւս մասն ալ, 18 – րդ սատրապութիւնը, Էրեբունի – Երեւան կեդրոնով. Մարզերը կ ‘ունենան որոշ ներքին ազատութիւններ.
Երբ Քսենոֆոն, (Ксенофонт) (Ք.Ա. 430-355/354) յոյն նշանաւոր փիլիսոփայ, պատմաբան եւ զօրավար, Ք.Ա. 401 թուին, Աքեմենեան թագաւոր Արտաքսերքսեսի (Ք.Ա. 404-358) բանակէն պարտուած դէպի Սեւ Ծով կը քաշուի, կ ‘անցնի Հայաստանի վրայով. Յառաջիկային իր «Տասը հազարի նահանջը» գրքին մէջ այդ օրերու Հայաստանին մասին կը գրէ, թէ գաւառի կառավարիչները կը բնակէին դղեակներու մէջ. Տուներէն շատերն ունէին աշտարակներ. Առատ ուտելիք կար. Առատօրէն կը գտնուէր ցորեն, չամիչ, ամէն տեսակ բանջարեղէն, պատուական գինի, որ պահուած է հողի տակ, որպէսզի հիննայ եւ անուշահոտ դառնայ, տակառներով գարեջուր, զանազան անուշահոտ օծանելիքներ, լաւ տեսակի նժոյգներ. Ան գրած է նաեւ Հայաստանի սահմաններուն մասին. հիւսիս – արեւմուտքը, Սեւ Ծով, հիւսիսը, Քուռ գետը, հարաւը, Միջագետք. Այս տեղեկութենէն ի յայտ կուգայ, թէ այդ օրերու Հայաստանի սահմանները նոյնն էին Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան, Ուրարտուի սահմաններուն հետ.
Մակեդոնացի Մեծն Ալէքսանտր (Ք.Ա. 356-323), դէպի Հնդկաստան կատարած արշաւանքին ընթացքին վերջ կուտայ Պարկաստանի Աքեմենեան թագաւորութեան (Ք.Ա. 331). Հայոց Երուանդ Գ. (Օրոնտաս – Որոնտէս) թագաւորը (Ք.Ա. 336-300), այս առիթէն օգտուելով, կը հռչակէ անկախութիւն եւ մայրաքաղաքը կը փոխադրէ երկրին աւելի խորքերը, Արգիշտիխինիլի. Քաղաքի արեւելեան բլուրին վրայ շինել կուտայ իրեն համար նոր մայրաքաղաք մը ու զայն կը կոչէ ԱՐՄԱՒԻՐ.
Արմաւիրի մէջ կային բազմաթիւ մեհեաններ. Հոն էին Արտեմիսի եւ Աբոլոնի ոսկեզօծ արձանները. Ոսկերչական արհեստը շատ յառաջացած էր. Ոսկին կը բերէին Սոդքի հանքերէն. Արմաւիր գտնուելով առեւտրական խաչուղիին վրայ առեւտուրը չափազանց յառաջացած էր, որու հետեւանքով ալ, արհեստներն ու արուեստները.
Երուանդ Դ. (Ք.Ա. 220-201) մայրաքաղաքը կը փոխադրէ նոր քաղաք մը, ԵՐՈՒԱՆԴԱՇԱՏ, զորս ինք շինել կու տայ. Արմաւիր մինչեւ 4 – րդ դար կը պահէ Հայաստանի մեծ քաղաքներէն մին ըլլալու հանգամանքը, բայց ատկէ յետոյ կը լքուի. 1242 – ի մոնղոլական արշաւանքներէ յետոյ, անցընեն որոնք քաղաքները կը հրկիզեն ու բնակչութիւնը սուրէ կ ‘, Արմաւիր կը դառնայ անմարդաբնակ. Երկրաշարժերը, ժամանակը ու աւազակները աւերներ կը գործեն. Բլուրի վրայ պարիսպներու, պալատներու, տաճարներու եւ այլ շէնքերու հիմքերը եւ հետքերը պահպանուած են. Այսօր աւերակներու մօտ կառուցուած է Արմաւիր գիւղը.
Արմավիրի միջնաբերդի յատակագիծը
Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm