Բագարան ընդհանուր տեսարան
Քաղաքը հիմնած է Երուանդ Դ. (Երուանդ Վերջին) (Ք.Ա. 220-201). Ան գահ բարձրանալէ վերջ Ախուրեան եւ Արաքս գետերու իրարու խառնուած տեղը կը շինէ իր նոր մայրաքաղաքը, Երուանդաշատը, իսկ Ախուրեանի աջ ափին վրայ ալ փոքր քաղաք մը, Բագարան (կուռքարան), որպէս կրօնական կեդրոն. Արմաւիրէն Բագարան կը փոխադրէ չաստուածներու արձանները եւ մեհեաններու հարստութիւնը. Քրմապետութեան շատ կարեւոր պաշտօնին կը նշանակէ իր եղբայրը, Երուազը.
Երուանդ կը տնկէ անտառ, զայն պարիսպով կը շրջափակէ եւ բազմաթիւ որսի անասուններ, այծեամ, եղնիկ, եղջերու, վարազ … կը բերէ. Անտառը կը կոչէ Ծննդոց անտառ.
Արտաշէս Ա. (Ք.Ա. 189-160) `Արտաշէսեան Թագաւորութեան (Ք.Ա. 189 -Ք.Վ. 1) հիմնադիրը, կը գրաւէ Երուանդաշատը եւ Բագարանը. Կը սպաննուի Երուանդ եւ անոր եղբայրը, քրմապետ Երուազ. Արտաշէս Երուազի 500 ծառաները կուտայ իր զօրավարներէն Սմբատին, որ զանոնք կը տեղափոխէ Մասիսի ստորոտը, նոր բնակավայր մը անուանեն Բագարան. Անոնք այս վայրը կ.
Պարսկաստանի մէջ, երբ Սասանեան տոհմը կը սկսի Պարթեւական տոհմը կոտորել, Կամսար անունով ազնուական մը իր ընտանիքով Հայաստան ապաստանի կ. Տրդատ Գ. Մեծ (Ք.Վ. 287-330) արքունական կալուածներէն Շիրակ եւ Երասխաձոր գաւառները անոր կուտայ եւ Կամսարը կը դասէ հայոց աւագ նախարարներու կարգին. Երասխաձոր Կամսարի որդւոյն Արշաւիրի անունով կ ‘անուանուի Արշարունիք. Բագարան, որ մաս կը կազմէ Արշարունիք գաւառին, ըլլայ անոնց կ’ իշխանանիստ վայրը. Այսպէսով կը սկսի Կամսարականներու Նախարարութիւնը. Անոնք խնամիական կապեր կը հաստատեն հայոց մեծաքոյն նախարարական տուներէն Մամիկոնեաններու եւ Արշակունիներու հետ. Կամսարականներ, ժամանակի ընթացքին, կ ‘ընդլայնեն իրենց հողատարածքը.
Հայոց մեծագոյն նախարարութիւններէն մին ալ Բագրատունեաց Նախարարութիւնն է. Թագաւորը թագադրելու իրաւունքը իրենց կը պատկանի. Ըստ Խորենացիի, հրէական ծագում ունին եւ Դաւթի ցեղէն են. Երկրին ղեկավարութեան մէջ առաջնահերթութիւն ձեռք ձգելու համար Մամիկոնեան տոհմի հետ միշտ կը մրցակցին.
Մամիկոնեաններ առհասարակ Բիւզանդիոնի կողմնակից են, իսկ Բագրատունիներ, պարսիկներու, աւելի վերջ ալ `արաբներու. Արդէն 5 – րդ դարու վերջաւորութեան Բագրատունիներէն Սահակ կը նշանակուի մարզպան.
Բագրատունիներ հետզհետէ զօրանալով ճնշումի կ ‘ենթարկեն Կամսարականները եւ կը գրաւեն անոնց հողերուն մէկ մասը. 8 – րդ դարու վերջերը Կամսարականներ կ’ որոշեն իրենց մնացեալ հողերը Բագրատունիներուն ծախել ու Փոքր Ասիա, Բիւզանդական կայսրութեան շրջանները փոխադրուիլ. Բագրատունիներէն Աշոտ Մսակեր, 780 – ական թուականներուն, գնելով Կամսարականներու հողերը, իրեն տոհմական կեդրոնը, իշխանանիստ վայրը, կը փոխադրէ Բագարան. Բագարան ունէր ամրակառոյց պարիսպներով միջնաբերդ, որու շուրջն էր փոքր քաղաքը. Բագրատունիներ հոն կը կառուցեն իրենց ապարանքները ու ընտանեկան դամբարանը. Աշոտ, 790 – ին, Հայոց Իշխանի պաշտօնին կը նշանակուի եւ այդ պարտականութիւնը կը կատարէ մինչեւ իր մահը, 826.
Բագարանի մէջ 624-631 – ին կառուցուած էր նշանաւոր Ս. Թէոդորոս եկեղեցին, ապա Ս. Գէորգը. Ս. Թէոդորոս եկեղեցին հայ ճարտարապետութեան գանձերէն մին կը նկատուի եւ նախատիպ է 9-10 – րդ դարերու բիւզանդական, ֆրանսական եւ իտալական շարք մը նշանաւոր եկեղեցիներու. 1909 – ին գմբեթը կը կքի, սակայն պատերը որոշ չափով հաստատուն կը մնան. Այսօր տաճարին տեղը կը գտնուի սահմանային ուղեկալի շէնքը .
914-918 – ին կը կառուցուի Ս. Շուշանիկ եկեղեցին. Ճարտարապետական այս մարգարիտը, Հայաստանի կողմի սահմանային գօտիին մէջ մնալուն պատճառով, կարելի չէ եղած կանոնաւոր կերպով ուսումնասիրել.
Արաբական Խալիֆայութեան օրով (652 – 858) Հայաստանի վրայ դրուած տուրքերը բաւական կը ծանրանան. Արաբական բանակներ յաճախակի յարձակումներ կը կատարեն. Մեծ աւարներ եւ գերիներ կը տանին. Գերեվարուածներու հողատարածքներուն վրայ արաբներ կը տեղաւորուին. Հայ իշխաններ կը կազմակերպեն ապստամբութիւններ. գլխաւորութեամբ Մամիկոնեաններու 747 -750 եւ 774 տարիներուն, ինչպէս նաեւ Աշոտ Մսակերի որդի Բագարատ Բագրատունիի, 850 թուականին.
Ներքին ու արտաքին հարցերով բաւական տկարացած Աբբասեան Խալիֆայութիւնը Բագրատունիներէն Աշոտը կը նշանակէ Հայոց իշխան, արաբներու ենթակայ Հայաստանի կառավարիչ (855-862), ապա, Իշխանաց իշխան, (862-885) կառավարիչ Խալիֆայութեան Արմինիա վարչաշրջանին, որ կ ‘ընդգրկէ Հայոց, Վրաց ու Աղուաններու հողատարածքը . Այսպէսով Հայաստան կը ստանայ ներքին ինքնավարութիւն. Աշոտ, օգտուելով իր դիրքէն, կը կազմաւորէ 40 հազարնոց մնայուն եւ մարզուած բանակ մը. Իր շուրջ կը համախմբէ հայոց իշխանները, որոնք Գէորգ Բ. Գառնեցի կաթողիկոսի (877 – 897) գլխաւորութեամբ 885 թուականին զինք թագաւոր կը հռչակեն. Խալիֆ Մութամիդ (870-892) անմիջապէս Աշոտը կը ճանչնայ որպէս Հայոց Թագաւոր եւ անոր կը ղրկէ արքայական թագ եւ հանդերձներ. Բիւզանդիոն ալ շուտով կը ճանչնայ Աշոտի թագաւորութիւնը եւ կայսր Վասիլ Ա. (867-886) կը ղրկէ թագ եւ թագաւորական պատմուճան, որով Հայոց Բագրատունեանց Թագաւորութիւնը կը ստանայ միջազգային ճանաչում.
Այսպէսով կը սկսի Հայոց Բագրատունեանց Թագաւորութիւնը (885-1045), որուն սկզբնական շրջանի մայրաքաղաքն է Բագարան. Աշոտ Ա. (885 -890) կը ցուցաբերէ ռազմական, քաղաքական, դիւանագիտական մեծ ձեռներեցութիւն. Կ ‘ամրապնդէ թագաւորութիւնը. Իր գերիշխանութիւնը կը ճանչնան նաեւ Վրաց եւ Աղուանից իշխանները ու Հայաստանի արաբական ամիրայութիւնները. Ան իր զաւակներէն Սմբատը կը նշանակէ Իշխանաց իշխան, երկրորդ զաւակը, Շապուհը, սպարապետ. Աշոտի եղբայրը `Աբաս, կը շարունակէ մնալ իր սպարապետի պաշտօնին մէջ. Դաւիթ եւ Սահակ կը վարեն արքունի պաշտօններ. Աշոտ կը մեռնի Բագարանի մօտ Քարսպառ կոչուած վայրը ու կը թաղուի Բագարան. Անոր մահէն վերջ, երբ Սմբատ կը թագադրուի, Դաւիթ կ ‘ըլլայ Իշխանաց իշխան. Սպարապետ Շապուհ կը ժառանգէ Բագարանը. Սմբատ Ա. (890/91-914) թագաւորութեան մայրաքաղաքը կը փոխադրէ իր սեփական կալուածքի կեդրոնը, Երազգաւորս (Շիրակաւան).
Բագարանի շրջակայքի ձորերուն եւ կիրճերուն մէջ բազմաթիւ քարայրներ գոյութիւն ունին. Ասոնք պատերազմներու ընթացքին ռազմական կարեւորութիւն կ ‘ունենան.
Բնակչութիւնը ժայռերու եւ կիրճերու մէջ սեղմուած ապառաժոտ քարքարուտները մաքրելով պարտէզներ, այգիներ շինած եւ բազմամարդ Անի մայրաքաղաքին պտուղ մատակարարած է.
1048 – ին սելջուքներ Բագարանը կը գրաւեն, աւերեն կ ‘, բնակչութիւնը կը կոտորեն. 1394 – ին Լենկթիմուր կը յարձակի, կ’ աւերէ ու կը կողոպտէ քաղաքը. Այդ թուականէն վերջ քաղաքը չվերականգնուիր. Պահպանուած է բերդապարիսպներու, եկեղեցիներու, կամրջի, բնակարաններու, գերեզմանատներու մնացորդացը.
Բագրատունիներու մէկ ճիւղը 9 – րդ դարու կիսուն կը հաստատէ Վրաստանի Բագրատունեան Թագաւորութիւնը, որ վերջ կը գտնէ Վրաստանի 1801 թուականին Ռուսաստանի միացումով.
Նկարներ —Ս. Թէոդորոս եկեղեցիին աւերակները `հիմնադրուած 624 – ին եւ կառուցումը աւարտած 631 – ին:
Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm