Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ Տարին Մէկ Անգամ Կրօնական Արարողութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան

ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան ու մշակոյթի նախարար Էրթուղրուլ Կիւնայի Հինգշաբթի, Մարտ 25-ին ստորագրած է Վանի նահանգապետին դիմումը՝ թոյլատրելով, որ հայերը տարին մէկ անգամ Վանի Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ կրօնական արարողութիւններ իրականացնեն:

Վանի նահանգապետ Մունիր Քարաօղլու ողջունած է այս քայլը՝ պնդելով, թէ անոր շնորհիւ «Վանի մէջ կրօնական զբօսաշրջութիւնը պիտի զարգանայ»:

Նահանգապետը նշած է, որ 2010-ի Սեպտեմբեր 12-ին (Վարագայ Ս. Խաչի տօն) տեղի պիտի ունենան նշեալ արարողութիւնները: Արարողութիւններուն թուականը ամէն տարի պիտի որոշէ Վանի նահանգապետարանը, սակայն, հաւանաբար այդ մէկը պիտի ըլլայ Սեպտեմբերի երկրորդ Կիրակին:

http://www.asbarez.com/arm/archives/75041

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *