ՊՈԼՍՈՅ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆԸ ԿԸ ՄԵՂԱԴՐԵՆ ՑԵՂԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՄԲ

 Շաբաթ օր` Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակիցները իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար բնակող հայերը երկրէն արտաքսելու գծով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան առնչութեամբ£

Ցուցարարները թրքերէնով, հայերէնով, անգլերէնով եւ քրտերէնով ՙԴուք մինակ չէք՚ գրութեամբ ցուցապաստառներ բարձրացուցած էին£ Բացի ատկէ, անոնք վանկարկած են. ՙԹայիփ Էրտողանը պէտք է արտաքսել£ Աշխարհը առանց ազգերու, սահմաններու եւ դասակարգերու՚£ Բողոքի ցոյցը խաղաղ աւարտ ունեցած է£

Ցուցարարները նաեւ մամուլին մէջ հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Էրտողանը կը մեղադրեն այլ երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերու ընդունման դէմ պայքարին մէջ հայ գաղթականները իբրեւ խաղաքարտ օգտագործելուն համար£

ՙՄենք խստիւ կը դատապարտենք Էրտողանը® եւ անոնք, որոնք կը կիսեն այս ցեղապաշտական եւ անարդար հոգեկերտուածքը՚, կþըսուի յայտարարութեան մէջ£

http://www.aztagdaily.com/DisplayNews.php?ID=33227

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *