ՇԻՐԱԿԱՒԱՆ

Քաղաքը կը կոչուի նաեւ Երազգաւորս (Երազգաւորք, Երազգաւորգ). Կը գտնուի Շիրակի շրջանին մէջ, Անիի հիւսիսարեւելքը, Ախուրեան գետի աջ ափին վրայ (այժմ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ).

Քաղաքին որ թուականին եւ որու կողմէ հիմնուած ըլլալուն մասին յստակ տեղեկութիւններ ցարդ չեն յայտնաբերուած. Երազգաւորս անուան ծագումը կը վերագրուի Երուանդունիներու Երուազ տոհմանունին.

Երազգաւորս գոյութիւն պէտք է ունեցած ըլլայ շատ հին ժամանակներէն ի վեր. Վրաց մատենագիր Լեոնտի Մրովելին տուած տեղեկութեան համաձայն `Արտաշէս Ա .- ի օրով (Ք.Ա. 189-160) վրացիներ ու հիւսիսային լեռնականներ Հայաստանի վրայ կը յարձակին եւ կը թալանեն զանազան բնակավայրեր, ի մէջ այլոց `Երազգաւորսը.

Շիրակաւան ունեցած է իր ամրոցը, ցած բլուրի մը վրայ. Անկէ 3 քմ. հեռաւորութեամբ բարձր բլուրի վրայ կը գտնուի Տիգնիս ամրոցը. Բերդը շինուած է նախաքրիստոնէական շրջանին. Ան կը պաշտպանէ Շիրակաւան մօտեցող ճամբաները. Բագրատունիներ զայն հիմնովին վերակառուցած են.

7 – րդ դարու ծանօթ պատմագիր Սեբէոս Բագրատունեաց եպիսկոպոս հայոց 6 – 7 րդ եւ – րդ դարերու պատմութիւնը գրած է `տալով ընդարձակ տեղեկութիւն շրջանի մեծ պետութիւններուն մասին. Ան իր գրութիւններուն մէջ Երազգաւորսը կը յիշատակէ որպէս գիւղ.

826 – ին կը կառուցուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցին.

Սմբատ Բագրատունի սպարապետի (851-855) նախաձեռնութեամբ 855 – ին Շիրակաւանի մէջ կը գումարուի եպիսկոպոսական ժողով: Սմբատ, կաթողիկոսական ընտրութենէ վերջ, սպարապետութիւնը կը յանձնէ իր որդւոյն `Աշոտի ու կը մեկնի Սամարա` արաբ խալիֆայութեան մայրաքաղաքը `ներկայանալու խալիֆին. Ան հոն կը մերժէ ուրանալ իր կրօնքը եւ կը ձերբակալուի. Այս պատճառով պատմութեան մէջ կը յիշուի նաեւ որպէս Սմբատ Խոստովանող. Կը բանտարկուի եւ մի քանի տարի վերջ ալ բանտին մէջ կը մեռնի.

Աշոտ Ա .- ի մահէն վերջ իր անդրանիկ զաւակը `Սմբատ կը թագադրուի. Սմբատ Ա. (890/91-914), փոխանակ Բագարան փոխադրուելու, մայրաքաղաքը կը փոխադրէ իր կալուածքին կեդրոնը `իշխանանիստ Շիրակաւան գիւղաքաղաքը..

Արաբական խալիֆայութիւնը 892 – ին, իսկ Բիւզանդական կայսրութիւնը 893 – ին կը ճանչնան Սմբատի թագաւորութիւնը. Երբ վրացի արեւելագէտ, հայագէտ եւ լեզուբան Նիկողայոս Մառ (1864-1934) եւ անուանի ճարտարապետ Թորոս Թորամանեան (1864-1934) Անիի պեղումներով կը զբաղին, որոշ ընդհատումներով (1893 -1917), կ ‘ուսումնասիրեն նաեւ Շիրակաւանի Ս. Փրկիչ եկեղեցին. Թորոս Թորամանեան կը պատրաստէ անոր յատակագիծը. Անի եւ Շիրակաւան, այդ թուականներուն, Ցարական Ռուսիոյ հողատարածքին մաս կը կազմէին. Այս եկեղեցին մինչեւ 1950 թուական կանգուն մնացած էր, սակայն այդ թուականին միտումնաւոր `նպատակաւոր քանդուած. Նոյն թուականին, Վանայ լճի հարաւային ափին մօտակայ Նարեկայ Վանքն ալ նոյն ճակատագրին կ ‘ենթարկուի.

Կարս հաստատուած Սմբատի հօրեղբայրը `Աբաս սպարապետ, կը փորձէ թագը Սմբատէն խլել, սակայն Սմբատ կը յարձակի Կարսի վրայ ու կը հնազանդեցնէ իր հօրեղբայրը.

Աֆշին, Ատրպատականի Էմիրը, 896 – ին, կը գրաւէ Կարսը ու գերի կ ‘առնէ բերդի մէջ գտնուող հայոց իշխանուհիները, թագուհին եւ բերդապահ Հասան Գնթունին. Սմբատ Ա. գերիները ազատելու համար Աֆշինին կնութեան կուտայ իր եղբօր `Շապուհի դուստրը, պատանդ կը ձգէ գահաժառանգ Աշոտը եւ իր Սահակ եղբօրը որդին` Սմբատը. Սմբատ Ա. յետագային կ ‘ազատէ իր որդին `Աշոտը.

Սմբատ Ա., 893 – ին, Բիւզանդիոյ մէջ Լեւոն Զ. Իմաստուն (Փիլիսոփայ) (886-912) հայազգի կայսրին հետ Հայաստանը արեւելքի ու արեւմուտքի միջեւ տարանցիկ առեւտրական կեդրոնի դարձնող շահաւէտ առեւտրական պայմանագիր մը կը ստորագրէ.

Երբ Սմբատ Ա. վրաց գահերէց Ադրներսեհ իշխանը կը թագադրէ, Աֆշին, այս իրաւունքին խալիֆին պատկանիլը պատճառաբանելով, կը յարձակի Հայաստանի ու Վրաստանի վրայ. Ան եւ իր բազմաթիւ զօրքերը բանակին մէջ սկսած համաճարակի պատճառով կը մեռնին.

Եուսուֆ 908 – ին Վասպուրականի Գագիկ Արծրունի իշխանը թագաւոր կը հռչակէ. Այսպէսով կը սկսի Վասպուրականի Հայոց Թագաւորութիւնը, այսպէսով ալ Եուսուֆ պառակտած կ ‘ըլլայ հայոց միութիւնը. Եուսուֆ 910 – ին, Գագիկի ալ զօրքերով, կը յարձակի Սմբատի վրայ. Սմբատ կը կորսնցնէ Նիգ գաւառի (Ապարանի շրջան) Ձկնավաճառի ճակատամարտը եւ կ ‘ապաստանի Կապոյտ բերդ. Եուսուֆ 913 – ին դարձեալ հայ իշխաններու ալ զօրքերով բերդը կը պաշարէ. Սմբատ հայը հայուն կոտորելուն արգելք ըլլալու եւ երկիրը աւերումէ փրկելու համար կը յանձնուի Եուսուֆին, որ զինքը շղթայակապ կը տանի Դուին, կը գլխատէ ու մարմինը խաչը կը հանէ. Սմբատի անդրանիկ որդին Աշոտ իր եղբօր `Աբասի հետ ներխուժած արաբական զօրքերուն դէմ հայդուկային կռիւներ կը մղէ եւ զանոնք երկրէն կը հեռացնէ. Այս յաջողութենէն յետոյ Աշոտ կը հռչակուի թագաւոր.

Աշոտ Բ .- ի (Աշոտ Երկաթ) (914 -929) օրով ալ թագաւորութեան մայրաքաղաքը Շիրակաւանն է.

Եուսուֆ, 915 – ին, Աշոտի հօրեղբօր Շապուհի որդի Աշոտը (Շապուհեան) հայոց թագաւոր կը հռչակէ. Աշոտ Բ .- ի դէմ կուգան նաեւ շարք մը ուրիշ իշխաններ. Աշոտ, Բիւզանդիոնի մանկահասակ հայազգի կայսր Կոստանդին Է. Ծիրանածինի (913-920, 944-959) խնամակալ հայազգի Ռոմանոսի հրաւէրով Կ. Երթայ Պոլիս կ ‘, կը ճանչցուի որպէս թագաւոր ու բիւզանդական զօրքերով երկիր կը վերադառնայ. Սեւանի ճակատամարտին արաբական զօրքերը յաղթելէ յետոյ կը վերահաստատէ Բագրատունեան սահմանները. Խալիֆը իրեն կը շնորհէ «Շահնշահ Հայոց եւ Վրաց» տիտղոսը. Աշոտ իր ցոյց տուած խիզախութեանն եւ կորովին համար կը ստանայ « Երկաթ »մականունը. Ռոմանոս, որ ծովակալ է, իր դուստրը Կոստանդինի հետ ամուսնացնելով գահը անկէ կը գրաւէ (920-944).

Աշոտ Բ. Երկաթի մահէն վերջ թագաւոր կը հռչակուի իր եղբայրը `Աբաս, որ Կարս բնակելով մայրաքաղաքը կը փոխադրէ Կարս.

Սելջուկներ 1064 – աւերեն Շիրակաւանը ի արշաւանքին կ. Տեղացին 12 – րդ դարու սկիզբը գիւղաքաղաքը կը վերանորոգէ. Թուրք պատմիչ Փեչեւի Իպրահիմ (1574-1649) իր «Փեչեւի Թարիհի» պատմագրութեան մէջ կը գրէ, թէ 1553 – ի թրքական արշաւանքի ժամանակ Շիրակաւան շատ բարեշէն է , մշակուած հողերով հարուստ բազմաթիւ գիւղեր ունի. Յաղթական բանակը զայն կը քանդէ, աւերէ կ ‘, ամէն ինչ հողին կը հաւասարեցնէ.

Շիրակաւան, որ Օսմանեան շրջանին կը կոչուի Պաշ Շորակեալ, 1877-78 – ի ռուս – թրքական պատերազմին կ ‘անցնի ռուսական կայսրութեան ձեռքը. Գիւղին մէջ կը հիմնուի Սահակեան վարժարանը. Այդ թուականին գիւղի հայ բնակչութեան թիւը 730 է, իսկ 20 – րդ դարու սկիզբը, 1532 . 1920 – ին բնակչութիւնը կը տեղահանուի եւ անոնցմէ մէկ մասը բնակութիւն կը հաստատէ Երազգաւորս գիւղը.

Երբ 20 – րդ դարու սկիզբը Շիրակաւանի մէջ պեղումներ կը կատարուին, յայտնաբերուած իրեր Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ կը հաւաքուին. Հողատարածքին Թրքական Հանրապետութեան ձեռքը անցնելէն յետոյ այս բոլորը կ ‘ոչնչացուին անյայտանան ու կ’.

Ներկայիս Հայաստանի Անիի շրջանի մէջ, Ախուրեան գետի ձախ ափին, գոյութիւն ունի Շիրակաւան գիւղը. Այս գիւղը հիմնադրուած է 1976 – ին, որպէսզի, դարձեալ Ախուրեանի ձախ ափին գտնուած համանուն գիւղի բնակչութիւնը կարելի ըլլայ հոս տեղափոխել եւ այդ վայրին մէջ Ախուրեան ջրամբարը շինել. Այս հնավայր Շիրակաւանի մէջ կատարուած պեղումներու հետեւանքով յայտնաբերուած են Ք.Ա. 12-8 դարերուն պատկանող շէնքերու եւ սրբավայրի մը աւերակները, ինչպէս նաեւ հնագիտական նիւթերով առատ դամբարաններ. Յայտնաբերուած են նաեւ Ք.Ա. 2 -Ք.Վ. 3 դարերուն կանոնաւոր նախագծով շինուած թաղամասերու (տուներ, սիւնազարդ շէնքեր, հեթանոսական տաճար) աւերակները. Դամբարաններուն մէջ գտնուած են մետաղէ, քարէ, խեցեղէն եւ ապակեղէն իրեր.

Հայաստանի Ախուրեան շրջանի մէջ, Ախուրեան գետի ափին նաեւ կայ Երազգաւորս գիւղը, որուն բնակչութիւնը, մեծամասնութեամբ, 1921 – ին եկած է Մուշի Արտոնք գիւղէն. Այս հողատարածքին վրայ կան հին բերդի հետքեր.

Երազգաւորս մինչեւ 1945 կոչուած է Արալըխ.

 Նկարներ.

Տիգնիս ամրոցը

Ս. Փրկիչ եկեղեցին Թորոս Թորամանեանի ուսումնասիրութեան օրերուն

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ճակտի հարթաքանդակ

Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մուտքին առջեւ շրջանէն հաւաքուած խաչքարեր, քարեր,
տեղւոյն քահանան եւ պեղումները կատարողներ

Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *