ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ

Ս. Էջմիածին
պարիսպներէն դուրս, ձախին, Ս. Գայանէ, աջին, Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիները, Шарден-ի գծանկարը, 1711 թուին

Քաղաքի մասին ամենահին տեղեկութիւնները Արարատեան Հայոց Թագաւորութեան արքաներէն Ռուսա Բ .- ի (Ք. Ա 685-645) թողած սեպագիր արձանագրութիւններէն կը ստացուի. Զուարթնոցի թանգարանը պահուած այս գրութեան համաձայն Ռուսա Բ. այդտեղ Իլդարունի (Հրազդան) գետէն ջուր բերող եւ իր անունը կրող ջրանցք մը շինել տուած, այգիներ տնկած եւ տարածքն ալ անուանած է ԳՈՒԱՐԼԻՆԻ.

Հայոց թագաւոր Երուանդ Սակաւակեացի (Ք.Ա. 570-560) փեսան, Վարդգէս Մանուկը, նոյն վայրը, Քասախ գետին ափամերձ կը կառուցանէ խոշոր աւան մը եւ զայն կը կոչէ ՎԱՐԴԳԷՍԱՒԱՆ.

Տիգրան Բ. (Մեծն Տիգրան) (Ք.Ա. 95-55) Պաղեստին կատարած արշաւանքէն վերադարձին հրեայ համայնք մը կը տեղափոխէ Վարդգէսաւան ու այսպէսով աւանը կը դառնայ վաճառաշահ կեդրոն մը.

Արշակունեաց հարստութենէն Վաղարշ Ա. (117-140) Վարդգէսաւանը աշտարակաւոր պարիսպով կը շրջապատէ, նոր բնակարաններու եւ արքայական պալատի շինութեամբ զայն կ ‘ընդարձակէ, կը վերանուանէ ՎԱՂԱՐՇԱՊԱՏ եւ կը հռչակէ աթոռանիստ քաղաք.

Քաղաքի միջնաբերդին մէջ կը շինուի Անահիտ – Արտեմիսի տաճարը, թագաւորական պալատը, պետական շէնքերը, զօրանոցը, բանտը, բաղնիքը ….

Քաղաքը հարաւէն պաշտպանուած է Քասախ գետի ջուրով լեցուող Պառկենփոս կոչուած խոր խրամով, հարաւ – արեւմուտքէն, ընդարձակ ճահիճով, ուր կը գործադրուին մահավճիռները. Պարիսպներէն դուրս կը գտնուին արհեստանոցները, գերեզմաննոցը եւ արեւի աստուած Միհրին տաճարը. Այս տաճարին տեղը այսօր կը կանգնի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին, կառուցուած 618 – ին, Կոմիտաս Ա. Աղցեցի կաթողիկոսի (615-628) ջանքերով.

       Էջմիածնի Ս.Գայանէ եւ Ս.Հռիփսիմէ եկեղեցիները, 19-րդ դարու վերջ

Վաղարշակ Ա .- ի մահէն վերջ հռոմայեցիները Հայաստանի թագաւոր կը նշանակեն իրենց ծերակոյտի անդամ Եմեսայի (Հոմս) իշխանական տունէն Սոհեմոսը (140-161), որուն Խորենացին կը կոչէ Տիգրան. Ան կը թագաւորէ Արտաշատի մէջ. Հայկական ու պարսկական բանակները միասնաբար զինքը երկրէն կը հեռացնեն. Հռոմայեցիները 162 թուին Արտաշատը կը գրաւեն, կ ‘աւերեն եւ 163 – ին ալ Վաղարշապատի պաշտպանողական համակարգը զօրացնելէ վերջ զայն կ’ անուանեն ԿԱՅՆՈՊՈԼԻՍ (Նոր Քաղաք) եւ կը հռչակեն մայրաքաղաք. Սոհեմոս Հռոմէն վերադառնալով կը թագաւորէ մինչեւ 185 թուականը.

Մինչեւ Արշակունեաց հարստութեան անկումը (428) Վաղարշապատն ալ կը նկատուի արքայանիստ քաղաք.

301 թուին `քրիստոնէութեան Հայաստանի մէջ պետական կրօնք հռչակումէն վերջ, քաղաքին հոգեւոր – մշակութային ու ազգային գետնի վրայ կարեւորութիւնը կը բարձրանայ.

 Էջմիածին Մայր Տաճար                                     Հոգեւոր Ճեմարանի մուտքը

301 – ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կը կործանէ Սանդարամետի մեհեանը եւ նոյն տեղը կը շինէ «Մեծ Եկեղեցին», որու շինութիւնը կ ‘աւարտի 303 – ին. Աւելի ուշ եկեղեցին կը կոչուի Ս. Էջմիածին եւ քաղաքն ալ 13-15 – րդ դարերէն սկսեալ, ԷՋՄԻԱԾԻՆ. Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կաթողիկոսութեան շրջանին (302-325) կը շինուի հայրապետանոց, միաբաններու կացարան. Կը բացուին յունարէն եւ ասորերէն դասաւանդուող դպրոցներ.

335 – ին, պարսից Շապուհ Բ. Շահէն (309-379) դրդուած հիւսիսային կովկասեան ցեղեր կը յառաջանան մինչեւ Վաղարշապատ ու կը գրաւեն քաղաքը. Սպարապետ Վաչէ Մամիկոնեան 336 – ազատագրէ ին քաղաքը կ.

Շապուհ Բ. 368 – էն մինչեւ 369, շարք մը ուրիշ քաղաքներու կարգին, կը գրաւէ նաեւ Վաղարշապատը. Ըստ Փաւստոս Բիւզանդի (Դ. կամ Ե. Դարու հայ պատմագիր), քաղաքը կը քանդէ, հիմքէն կը կործանէ, տասնինը հազար ընտանիք գերի կը տանի.

Գիրերու գիւտէն (404/405) վերջ Վաղարշապատի, ինչպէս նաեւ տարբեր քաղաքներու մէջ կը բացուին հայերէն լեզուի դպրոցներ.

vagharshapat4[1]Ղազար Փարպեցի, հոգեւորական ու նշանաւոր պատմագիր, (442? – Զ. Դարու սկիզբ), որպէս Վաղարշապատի հայրապետական վանքի վանահայր (486-491), կը հիմնէ գրչագրատուն եւ առաջին մատենադարանը, որուն ժամանակով հարստացած հաւաքածոն հիմքը կ ‘ըլլայ Երեւանի Մատենադարանին.

 

Զուարթնոց Եկեղեցւոյ փլատակները

Կիլիկիոյ Հայոց Թագաւորութեան (1080 – 1375) անկումէն վերջ կաթողիկոսին այլեւս թագաւորութեան երբեմնի մայրաքաղաք Սիս մնալը անյարմար կը նկատուի եւ 1441 թուին Վաղարշապատի, Էջմիածնի մէջ կը գումարուի ազգային – եկեղեցական մեծ ժողով, համաձայն Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոններուն. Կ ‘որոշուի Մայր Աթոռին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, Էջմիածին վերահաստատումը եւ Կիրակոս Ա. Վիրապեցի կ ‘ընտրուի կաթողիկոս (1441-1442).

1604 – ին Շահ Աբաս Ա. (1571-1629) թէ Վաղարշապատին եւ թէ Ս. Էջմիածնին մեծ վնաս կուտայ, Արարատեան դաշտի ժողովուրդը կը պարտադրէ գաղթել Պարսկաստան. Ժողովուրդը Սպահանին վարժեցնելու նպատակով ալ կ ‘որոշէ Էջմիածնի տաճարը քար առ քար Սպահան փոխադրել 15. Սրբաքարեր եւ մասունքներ մեծ դժուարութեամբ տեղափոխելէ յետոյ (1615) ծրագրին անկարելիութիւնը կը հասկնա.

1654 – ին կը սկսի Մայր Տաճարի զանգակատան շինութիւնը, որ կ ‘աւարտի 1658 – ին.

Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսի (1763 -1780) ջանքերով 1771 – ին Էջմիածնի մէջ կը բացուի տպարան եւ առաջին գիրքը, «Զբօսարան Հոգեւոր» կը տպագրուի 1772 թուականին. Չորս տարի վերջ ալ կը կառուցուի թղթի գործարան.

1828 – ին Վաղարշապատը եւ ամբողջ Արեւելեան Հայաստանը վերջնականապէս կը միանայ Ռուսաստանին.

Գէորգ Դ. Կոստանդնուպոլսեցի կաթողիկոսը (1866-1882) կը կատարելագործէ Էջմիածնի տպարանը եւ տպագրութիւնը կը սկսի կաթողիկոսարանի ամսաթերթին, «Արարատ» ի (1868), որ կը հրատարակուի մինչեւ 1919 թուական. Կը հիմնէ Էջմիածնի թանգարանը (1869). Կը կառուցէ կաթողիկոսական ամառանոց Արագած լերան կողին, Բիւրական գիւղը (1873), Էջմիածնի մէջ ալ `Գէորգեան Ճեմարանը (1874), որուն աշակերտութեան թիւը 1882 – ին կը հասնի 336 – ի. Կը վերաշինէ Օշականի Ս. Մեսրոպ եկեղեցին (1879), ուր կը հանգչին Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ոսկորները.

1895-96 – ի ջարդերէն վերջ Արեւմտեան Հայաստանէ հազարաւոր գաղթականներ Վաղարշապատի մէջ կը պատսպարուին.

Նոր Վեհարան – նախագիծ, ճարտարապետ Պ. Զոհրապեան – 1910 Ներքին վերանորոգում -1957-1962

1915 – ին, Օսմանեան բանակի դէպի Անդրկովկաս յառաջխաղացումը նկատի առնուելով, Էջմիածնի 4000 – է աւելի ձեռագիր մատեանները կը փոխադրուին Մոսկուա. Խորհրդային կարգերու հաստատումէն յետոյ այս ձեռագրերը կը վերադարձուին.

1916 – ին, Վանայ Լճի Աղթամար եւ Կտուց կղզիներէն, ինչպէս նաեւ Վանի Վարագայ վանքէն Էջմիածին կը փոխադրուին 1526 ձեռագիր մատեաններ.

1918 – ի Մայիսին `Սարդարապատի ճակատամարտի օրերուն, Վաղարշապատի մէջ կը կազմաւորուին մարտական գունդերը.

1939 – ին, Հայաստանի կառավարութեան հրամանով Էջմիածնի ձեռագրերը կը փոխադրուին Երեւան եւ 1959 – ին ալ կը տեղաւորուին «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանը.

Վազգէն Ա. կաթողիկոսի օրով (1955-1994) հիմնովին կը վերանորոգուի Մայր Տաճարը, Ս. Հռիփսիմէ եւ Ս. Գայանէ եկեղեցիները. Կը կառուցուի Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած յուշարձան.

1962 – ին կը գումարուի Ազգային – Եկեղեցական ժողով, 141 պատգամաւորներու մասնակցութեամբ, 46 հոգեւորական եւ 95 աշխարհական. Ժողովը ի մէջ այլոց կը քննէ «Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ կանոնագրի մշակում» եւ «Ամրապնդում հայ եկեղեցւոյ միասնութիւն» հարցերը.

1966 – ի Հոկտեմբերին մեծ շուքով կը տօնուի հայերէն առաջին Աստուածաշունչի տպագրութեան 300 – ամեակը. Այս մեծածաւալ 1500 էջ «Ոսկանեան Աստուածաշունչ» – ը կը տպուի Ամսդերտամ, «Ս. Էջմիածին »անունով տպարանը, Ոսկան վրդ. Երեւանցիի ջանքերով. Տպագրութիւնը կը տեւէ 2 տարի 7 ամիս եւ կ ‘աւարտի 1668 – ի Հոկտեմբերի 13 – ին.

1982 – ին բացումը կը կատարուի Էջմիածնի «Գանձատուն» թանգարանին.

1991 – ի Սեպտեմբերի 29 – ին Վազգէն կաթողիկոս իր օրհնած 6 – րդ միւռոնը կը կոչէ «Անկախութեան Միւռոն». Կաթողիկոսներ, իրենց շրջանի տեւողութեան, օրհնեն 7 տարին անգամ մը միւռոն կ ‘, առաջինը, ընտրութենէ անմիջապէս յետոյ.

1992 – ին, Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Էջմիածին քաղաքը կը վերանուանուի Վաղարշապատ.

Արմէն Քիւրքճեան http://ermeni.hayem.org/ermenice/mayraqaghaqner_uni.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *