«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ, անդրադառնալով Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդի ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը հակասահմանադրական նկատելու մասին վճիռին, յայտարարած է, որ այդ որոշումը փրկեց Ֆրանսայի հեղինակութիւնը:
«Սահմանադրական խորհուրդի այս որոշումը ցոյց տուաւ, թէ որքան ամուր են ժողովրդավարական հաստատութիւնները: Այդ որոշումով Ֆրանսան փրկեց իր հեղինակութիւնը»,- ըսած է Կիւլ եւ աւելցուցած, որ «Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական հակամարտութիւնը երկու երկիրներուն լուծելիք հարցն է, իսկ երրորդ երկրի միջամտութիւնը ոչ միայն սխալ է, այլ նաեւ հարցը փակուղի կը տանի»:
Կիւլ նաեւ անգամ մը եւս յայտնած է, որ «1915-ի դէպքերը ուսումնասիրելու նպատակով պատմական յանձնախումբ ստեղծելու» Թուրքիոյ առաջարկը շատ «քաջ քայլ է»:
«Արապիա», վկայակոչելով «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի հարցազրոյցը, կը հաղորդէ, որ ան յայտարարած է, որ Թուրքիա պատրաստ է 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումին նախօրեակին հայերու հետ կիսել անոնց ցաւը:
«Մենք կ՛ուզենք կիսել ցաւը անոնց, որոնք պատրաստ են զայն մեզի հետ կիսելու»,- ըսած է Տաւութօղլու:
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին թուրքերուն նկատմամբ ֆրանսացիներու վարմունքին գծով զարմանք յայտնեց` հարց տալով, որ «Դուք` ֆրանսացիներդ, ինչո՞ւ Թուրքիոյ հետ ձեր յարաբերութեան մէջ փորի ցաւ ունիք»` աւելցնելով, որ «Անգարա որեւէ պետութեան նկատմամբ գաղտնի ծրագիր չունի, իսկ այն, ինչ որ Փարիզ ըրաւ, մեծ սխալ է»:
02.03.2012