20 ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԹԱՐՄ ՅԻՇԱՏԱԿՈՎ

Աթոռոյս մեծանուն գահակալներէն Շնորհք Պատրիարք, 7 Մարտ 1990 թուականին, Ս. Էջմիածնի Վեհարանին մէջ, արկածի հետեւանքով իր հոգին Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ աւանդած էր։ 7 Մարտ 2010, Կիրակի երեկոյեան, ժամը 16.30ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի եւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այլ յիշատակութեան հանդիսութիւն մը Պէզճեան Սանուց Միութեան նախաձեռնութեամբ։

 Բացման խօսքը արտասանեց Միքայէլ Տօնիկեան եւ անդրադարձաւ Երանաշնորհ Պատրիարքին ու վաստակին։ Յիշեց անոր անկորնչելի վաստակը ու յարգանքով խոնարհեցաւ անոր յիշատակին առջեւ։ Ապա հրաւիրեց Նշան Չալկըճեանի գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ դպիրներէն կազմուած խումբը, որ երգեց Հայ Եկեղեցւոյ շարականներէն նմոյշներ։

 Ապա ներկաներ անցան Յարութիւն Ամիրա Պէզճեան սրահ, ուր սարքուած էր հոգեշաճի սեղան մը Պէզճեան Սանուց Միութեան կողմէ։ Պահքի սեղանը բացուեցաւ Տէրունական Աղօթքով։

 Այստեղ եւս բարի գալստեան խօսքով հանդէս եկաւ Միքայէլ Տօնիկեան եւ ըսաւ որ Երանաշնորհ Պատրիարքին ծառայութեան արդիւնքն է, որ այսքան մարդ եկած է այս սրահը լեցնելու։

 Պաստառի վրայ տեսասփռուեցաւ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման յաջորդ օրերուն Ս. Էջմիածնի մէջ կատարուած հոգեհանգստեան կարգի ընթացքին Երանաշնորհ Վազգէն Կաթողիկոսի արտասանած քարոզը։ Սարգիս Տոնպաօղլու տուտուկով, Ռաքել Տինկ, Բագրատ Էսթուգեան եւ Սարգիս Սերովբեան յուշերով, իսկ Պէսսէ Գապաք ջութակի ընկերակ­ցու­թեամբ երգերով հանդէս եկան։

 Հոգեճաշը իր աւարտին հասաւ հրուշակով, սուրճով եւ ներկայ հոգեւոր հայրերու արտասանած §հոգւոց¦ աղօթքով ու միաբերան արտասանուած Տէրունական Աղօթքով։

http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayCategoryNews&Category=BULTEN

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *