Հոգեհանգիստ՝ Մարաշի Աղէտի Նահատակներու Հոգիներուն

ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Մարաշի աղէտի 90րդ տարելիցին առթիւ, Մարաշի հայրենակցական միութեան Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ, Կիրակի, Փետրուար 21ին Փասատինայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ:

Պատարագը մատոյց Զարեհ քհնյ. Մանսուրեան, իսկ Արտաքսման Կիրակիի առթիւ հոգեշունչ քարոզ տուաւ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան:

Արարողութեան աւարտին, Փասատինայի Մարաշի հայրենակցական միութեան «Աստուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեճաշ: Սեղաններուն օրհնութիւնը կատարեց Զարեհ քհնյ. Մանսուրեան: Օրուան բանախօսն էր փրոֆ. Կարօ Մոմճեան:

 Գեղարուեստական ճոխ յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին արուեստագէտներու հոյլ մը՝ Նունէ Աւետիսեան, Սալբի Մայիլեան, Յովհաննէս Շահպազեան, Ռուբէն Յարութիւնեան եւ Աշոտ Սարգիսեան:

Ասպարեզ  04. 03. 2010

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *