ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը կը հաւաստիացնէ՝ հայ-թրքական որեւէ շփում այս ընթացքին չէ եղած

Բացարձակապէս իրականութեան չի համապատասխաներ այդ տեղեկութիւնը, թէ Դեկտեմբերին տեղի ունեցած են հայ-թրքական գաղտնի բանակցութիւններ:

Այս մասին Tert.am-ին ըսաւ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Տիգրան Պալայեան` մեր խնդրանքով մեկնաբանելով «Հայեացք» օրաթերթի այսօրուան հրապարակումը:

Յիշեցնենք, որ թերթը իր այսօրուան համարին մէջ, վկայակոչելով իր հաւաստի աղբիւրները, լուր հրապարակած էր, թէ Դեկտեմբեր 4-24 ընթացած են հայ-թրքական գաղտնի բանակցութիւններ` պետական մակարդակով: «Ընդ որուն, առաջին տասը օրը հայկական եւ թրքական պատուիրակութիւնները բանակցած են Թիֆլիսի մէջ, այնուհետեւ հանդիպումները շարունակուած են Եւրոպայի մէջ»,- մասնաւորապէս նշած է թերթը:

«Հայ-թրքական որեւէ շփում այդ ընթացքին չէ եղած»,- մեր հարցին ի պատասխան ընդգծեց Տիգրան Պալայեան:

Tert.am

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *