Նախագահ Կիւլ- “Ա. Աշխարհամարտի օրերուն թուրքեր ուրիշներէ աւելի տառապեցան”
Երէկ, 12 Յունուարին, արաբական “Էլ Շարք Էլ Էվսաթ” օրաթերթը լոյս ընծայեց Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ Նախագահը, այլ հարցերու կարգին, կ՚անդրադառնար նաեւ Ֆրանսայի մէջ “ցեղասպանութեան” պատժելիութեան օրինագծին, ինչպէս նաեւ թուրք-ֆրանսական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն։
Անդրադառնալով օրինագծի քուէարկութեան, Ապտուլլահ Կիւլ ըսաւ որ Թուրքիա Ֆրանսան կը ճանչնայ իբրեւ միտքի, արտայայտութեան եւ այլ ազատութեանց հայրենիք, սակայն կասկածելի են այն քայլերը, որոնք ներկայիս կ՚առնուին այդ երկրի մէջ, պատճառ դառնալով որ ֆրանսական պետական կեցուածքին ընդդիմացող ոեւէ անձ պատժուի, նոյնիսկ եթէ գիտնական կամ պատմաբան է, ինչ որ օգտակար չէ։
Կիւլ սապէս շարունակեց իր խօսքերը.
“Մեր երկրին մէջ կրնան պետութեան համոզումներուն կամ իմ անձնական համոզումներուն ներհակ գաղափարներ եւ սկզբունքներ ըլլալ, սակայն մենք այդ կեցուածքի նկատմամբ յարգանք ցոյց կուտանք։ Ֆրանսայի մէջ այդ մէկը արգիլուած պիտի ըլլայ։ Հայերը կ՚ըսեն որ թուրքերը 1915ին հայ ըլլալու պատճառով զիրենք ցեղասպանութեան ենթարկեցին, իսկ մենք կ՚ըսենք որ ատիկա ցեղասպանութիւն չէր, այլ՝ պատմական իրադարձութիւններ էին։ Այդ ժամանակաշրջանին դէպքեր պատահեցան, երբ թրքական պետութիւնը Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Ռուսաստանի եւ այլոց դէմ եօթը ճակատներու վրայ կը պատերազմէր։ Ռուսական ուժերը հայերուն մէկ մասը գրգռեցին՝ ընդհանուր ապահովութիւնը խախտող արարքներ կատարելու մղելով զանոնք եւ այդ պատճառով է որ անոնք վնասազերծուեցան, սակայն այդ մէկը ցեղասպանութեան ճամբով չկատարուեցաւ։ Այնուհանդերձ, իսլամ թուրքերը, ինչպէս նաեւ հայերը, ցաւեր ապրեցան, սակայն թուրքերը, Ա. Աշխարհամարտի պայմաններուն տակ, ուրիշներէ աւելի տառապեցան”։
Ապտուլլահ Կիւլ յիշեցուց որ 20րդ դարասկզբին, եւրոպական մայրաքաղաքներէն շատերը իսլամական քաղաքներ էին, իսլամները այդ հանգրուանին շատ տառապեցան եւ պատերազմներուն պատճառով աւելի քան 500 հազար իսլամներ գաղթական դարձան։ “Պալքանեան երկիրներուն մէջ երեք միլիոն զոհ արձանագրուեցաւ եւ նոյնքան մարդ գաղթեց, նոյնպէս ալ Կովկասեան ճակատի վրայ։ Այդ իսլամները ո՞ւր են հիմա։ Մենք մեր զաւակներուն, նոր սերունդներուն ատելութիւն եւ ժխտական զգացումներ չենք սերմաներ այն երկիրներուն հանդէպ, որոնք մաս կը կազմէին Օսմանեան կայսրութեան եւ որոնց մէջ իսլամներ հալածուեցան”, նշեց Նախագահ Կիւլ։
Նախագահը նաեւ կոչ ուղղեց Հայաստանի պետութեան ու ըսաւ. “Հայերուն անկեղծ կերպով կ՚ըսենք որ եթէ կ՚ուզեն միացեալ յանձնախումբ մը կազմել, ապա մեր արխիւները ամբողջովին բանանք եւ ընդունինք տեղի ունենալիք պատմական հետաքննութեանց արդիւնքները։ Մեր բոլոր թղթածրարները եւ արխիւները բացինք, ուստի ոեւէ հայ, արաբ կամ այլ անձ, կրնայ տեսնել զանոնք՝ ներառեալ գոյութիւն ունեցող զինուորական թղթածրարները”։
Վերջաւորութեան, Ապտուլլահ Կիւլ նշեց որ եթէ Ֆրանսա պատժելիութեան օրինագիծը վաւերացնէ, ապա այդ մէկը երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ ազդեցութիւն պիտի ունենայ։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»