ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ այսօր տեղի ունեցաւ “Իմ Անի” շարժանկարի եւ Անիին նուիրուած տեսահոլովակի շնորհանդէսը՝ նուիրուած Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք Անիի 1050-ամեակին։ Տեսահոլովակները ամբողջութեամբ չեն աւարտած տակաւին, բայց պատրաստուելէ ետք հեռուստաեթերով կը ներկայացուին հանրութեան:
ՀՀ կառավարութեան որոշումով, Անին Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրաքաղաք հռչակելու 1050-ամեակին առիթով, ստեղծուած է յոբելինական յանձնաժողով’ ԳԱԱ նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ: Ներկայացնելով շարժանկարն ու տեսահոլովակը՝ Մարտիրոսեան նշեց, որ յոբելինական հանդիսութիւններուն մասնակից են ՀՀ սփիւռքի, մշակոյթի նախարարութիւնները, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան, ստեղծագործական միութիւններ եւ դպրոցներ: «Անին, որ հազար ու մի եկեղեցիների քաղաք է, յայտնի է իր ճարտարապետական յուշարձաններով: Դրանք դարեր ի վեր զարմացրել են բոլորին: Անին հայ ժողովրդի կողմից քաղաքակրթութեան մէջ մեծ ներդրում է, մեր բոլորի հպարտութեան առարկան»,- ըսաւ Ռ. Մարտիրոսեան՝ նշելով, որ յոբելինական հանդիսութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ տարեվերջ: Նախատեսուած են «Անին միջնադարեան Հայաստանի քաղաքական եւ քաղաքակրթական կեդրոն» թեմայով միջազգային գիտաժողով, յոբելինական ցուցադրութիւններ եւ հրատարակութիւններ:
«Ցաւալի է այն, որ մենք չենք կարողանում մեր ունեցածը լաւագոյնս ներկայացնել: Սփիւռքի նախարարութիւնը երկու ծրագրի համահեղինակ դարձաւ Գիտութիւնների ակադեմիայի հետ միասին, դրանք են’ շարժանկարի եւ գրքի ստեղծում: Երկուսն էլ աշխարհին մեր հարստութիւնն աւելի ճանաչելի դարձնելուն են միտուած»,- ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ տեղեկացնելով, որ յաղթահարուած է նաեւ լեզուական սահմանափակումը. շարժանկարը եւ գիրքը նաեւ անգլերէն տարբերակով են: Նախարարը նշեց, որ անհրաժեշտ է մինչեւ տարեվերջ հնարաւորինս շատ ձեռնարկներ նուիրել Անիի 1050-ամեակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ԳԱԱ-ին՝ իր հետեւողական գործունէութեան համար:
ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն, ՀՀ ԳԱԱ թղթակից անդամ Աշոտ Մելքոնեան, իր հերթին նշեց, որ այս տարուան ընթացքին յանձնաժողովի անդամներէն երկուքը արդէն այցելած են Անի, եւ այնտեղ իրականացած է կարեւոր երկու իրադարձութիւն:
Յունիսի վերջը ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի պաքալորիայի եւ մագիստոսականի շրջանաւարտները՝ շուրջ 100 հոգի, իրենց աւարտական վկայականները ստացան Անիի մայր տաճարին մէջ: Այդ քայլը, ըստ Ա. Մելքոնեանի, պատահական չէր. նախորդ տարի այնտեղ «Գորշ գայլեր»ը հերթական սրբապղծութիւնը իրականացուցած էին՝ նամազ կատարելով: «Այս միջոցառումը դրան իւրատեսակ պատասխան էր, որ ուսանողութեան կողմից մեծ խանդավառութեամբ ընդունուեց», – ըսաւ Ա. Մելքոնեան՝ նշելով, որ մէկ ամիս անց, այլ սրբավայրերու շարքին, Անիի մայր տաճարին մէջ եւս վառեցաւ Համահայկական 5րդ խաղերու անմար կրակը, որ բերուեցաւ Երեւան:
«Իմ Անի» շարժանկարը հնարաւորութիւն է՝ ի լուր աշխարհի հնչեցնելու մշակութային եղեռնի մասին: Շարժանկարի հեղինակն եւ բեմադրիչը Հայկ Յարութիւնեանն է, սենարի հեղինակը՝ Թեհմինէ Հայրումեանը: Շարժանկարի հերոսուհին Անին է, որ կը պատմէ քաղաքի փառաւոր անցեալի եւ տխուր ներկայի մասին:
«Ես Անին եմ, եւ Անին իմն է: Ես հպարտութեամբ կրում եմ հայկական թագաւորութիւններից մէկի մայրաքաղաքի անուանումը», – կ’ըսուի շարժանկարին մէջ: Անին, իբրեւ անառիկ ամրոց, առաջին անգամ կը յիշատակուի Եղիշէի, Ղազար Փարպեցիի կողմէ: Անիի գիտական լուսաբանման առաջին փորձը կատարած է հայ ականաւոր պատմաբան Նիկողայոս Ադոնցը: Իբրեւ քաղաք, անիկա պատմութեան մէջ կը յիշատակուի աւելի ուշ, քան միջնադարեան միւս քաղաքները: Ու թէեւ ունեցած է կարճ պատմութիւն, բայց կարեւոր դեր խաղացած է հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
«Անին անցել է պատմութեան քառուղիներով, ու նախկին ծաղկուն քաղաքից հիմա մնացել են այս քարակոյտերը: Ժամանակին, երբ Անին փայլում էր իր ողջ գեղեցկութեամբ եւ շքեղութեամբ, ամբողջ աշխարհը նրա համեմատութեամբ աւերակ էր, իսկ հիմա, երբ աշխարհն է շքեղ, իմ Անին դարձել է աւերակ». – կ՚ըսուի Անիի աւերակներէն ներկայացուող պատկերին մէջ: Մինչեւ վերջերս Անին փակ գօտի էր, ուր կարելի էր մտնել միայն ոստիկաններու թոյլտւութեամբ, այժմ հարեւան պետութիւնը, զայն համարելով իր սեփականութիւնը, դարձուցած է զբօսաշրջային գօտի: Վճարելով ընդամէնը 5 լիրա կամ երեք տոլար՝ կարելի է տեսնել հայու երազ Անին, որ դարձած է «արօտավայր-թանգարան», ուր ազատօրէն կը շրջին կենդանիները:
«Այսօր էլ Անիի հաւատն ու ոգին միացած’ իր մօտ են կանչում ինձ ու քեզ …»,- կ՚ըսուի շարժանկարին մէջ: Ու քանի դեռ «տանը չէ», Անին ապրում է՝ յիշելով անցեալի փառքն ու երազ օրերը:
Tert.am