
ԼԵՌՆԱ ՊԱՊԻԿԵԱՆ Մայիսեան օր մը, երբ ակադեմական երկար ուսումնասիրութիւնս եւ աւարտաճառի գրութիւնս աւարտած ըլլալուս յաջորդող դատարկութիւնը կը վայելէի, հետաքրքրութիւն ունեցայ համացանցի վրայ փնտռելու ուսումնասիրութեանս առնչուած կարգ մը բանալի բառերը, ինչպէս՝ հայերէն, պար, այբուբեն, մարմնացուած ուսմունք՝ յուսալով գտնել նոյն հետաքրքրութիւնը ունեցող ակադեմականներ։ Արդիւնքներուն մէջ Նիլիւֆեր Կրոս անունը անմիջապէս ուշադրութիւնս գրաւեց։ Նախ կարդացի մարմնացուած ուսումնասիրութեան ընդմէջէն պատմութիւնը…