
Մալաթիոյ Հայոց Հայրենակցական Միութիւնը ձեռնարկած է երկրաշարժի պատճառաւ անօթեւան մնացած մալաթիաբնակ հայերու բնականաշինութեան աշխատութեան։ Այս առթիւ առաջին հերթին համաձայնութիւն կնքուած է քաղաքապետարանի հետ, տեղւոյն Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ յարակից տարածքին տեղադրել 12 տոմիկներ 1+1 եւ 2+1 տարածքներով։ Միութիւնը այս առումով ճշդած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանի դրամատնային երեք հաշիւներ թրքական լիրայի, ամերիկեան տոլարի եւ Եւրոյի նուիրատուութիւններուն համար։…