
ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ Տրամադրութեանս տակ ունիմ «Ովքեր Են Սպանել Ջեմալ Փաշային» գիրքին երրորդ հրատարակութենէն օրինակ մը, որուն հեղինակն է Լոռիի Շահնազար, ներկայիս՝ Մեծաւան գիւղը ծնած Միքայէլ Սողոմոնի Այվազեանը, որ դեռ պատանի՝ լքելով հայրենական գիւղը հաստատուած է Թիֆլիս եւ զբաղած լրագրութեամբ: 1915-ին միացած է կամաւորական Ա. գունդին: Գիրքը կը ներկայացնեմ յարգելի ընթերցասէրներուն, նորատիպ մը ներկայացնելու սովորական ձեւաչափերէն…