
Վերջապէս հասած ենք նախագահական ընտրութեան բախտորոշիչ հանգրուանին։ 28 Մայիսին Թուրքիոյ քաղաքացիները անգամ մը եւս պիտի երթան ընտրութեան տեղամասեր, ճշդելու համար երկրի նախագահը։ Այս պահուն գործող նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի երրորդ անգամ բարձրանալ այդ պաշտօնին։ Իսկ մրցակից Քեմալ Քըլըչտարօղլու յաւակնութիւն ունի երկրի ԳԺ. նախագահը դառնալու։ Ընտրութեան ընդառաջ յստակ եղած իրողութիւնը քաղաքական գետնի վրայ բոլոր…