
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի ելոյթի մը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ապրիլի 14-ին։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս կեդրոնը կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։ «Մարալ» ներկայիս այս ելոյթի նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ կը տանի թափով։…