
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ «Արաս» հրատարակչատան գծավէպի շարքի այս չորրորդ գիրքը, ինչպէս նախապէս հրատարակուած «Հայ Մեծ ման», «Վարդօ»ն եւ «Հայ ուրուականը», ընթերցողը կը հրաւիրէ յայտնաբերելու Արեւմտեան Հայաստանի խորքերէն աշխարհի չորս ծագերուն տարածուած պատմութիւններ, պատմութեան այն էջերը, որոնք նոյն սաստկութեամբ կ՚ազդեն ժամանակակից հայ անհատի վրայ։ Լորան Կալանտոնի եւ Վիվիէն Լիքայիսի «Ծաղկաւոր տետրակ»ը, ընթերցողին կը ներկայացնեն չամբողջացած համադրութիւն մը։…