
Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան հարիւրամեակի առթիւ պատրաստուած գեղատիպ յուշամատեանի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 3 դեկտեմբեր 2022, շաբաթ երեկոյ, Վարժարանի պարտէզը կանգնուած վրան-սրահին մէջ։ Շնորհանդէսին նախագահեց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ ունենալով հոգեւոր հայրեր, վարժարանի խնամակալութիւնը, տնօրէնուհին։ Մասնակցեցաւ մշակութասէր հասարակութիւնը։ Օրուան կոկիկ յայտագիրը սկսաւ վարժարանի ուսուցչուհիներէն Մարի Արզումանի բարի գալստեան խօսքով։ Ապա Վարժարանի տնօրէնուհի Նարօտ Վերոնիկ…