
20 Նոյեմբերին կայացաւ 10 թաղերու եկեղեցիներու եւ վարժարաններու վարչութիւնները ճշդող ընտրութիւնը։ 10 հաստատութիւններէն միայն Պաքըրգիւղ, Եշիլգիւղ, Ենիգիւղ եւ Պէշիքթաշի մէջ մրցակցութեան գետին մը գոյացած էր։ Այդ մրցակցութենէն յաղթանակով դուրս եկան արդէն իսկ պաշտօնի վրայ գտնուող կազմերու նոր անուններով ամրացած ցանկերը։ Մնացեալ վեց հաստատութիւններու մէջ, քանի որ գոյութիւն չունէր մրցակից երկրորդ ցանկեր, այստեղ կատարուածը ընտրութենէ աւելի…