
ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ՝ ԼԱՐԱ ԹԱՇ Երգիծաբան, լրագրող եւ հրատարակիչ Երուանդ Օտեան վերջերս թրքերէնի թարգմանուած «Ընկեր Բանչունի», «Ապտուլհամիտ եւ Շարլոք Հոլմս» գիրքերու եւ «Չարշըլը Արթին Աղա», «Թշուառը»-ի նման դասականացած թատրերգութիւններով Թուրքիոյ մէջ ալ ծանօթ հայ գրականութեան կարեւոր դէմքերէն մէկն է։ 19 Սեպտեմբեր 1869-ին Իսթանպուլ, Ենիւգիւղ ծնած Օտեան տակաւին դպրոցի տարիներուն ուսանողական թերթը խմբագրելով սկսած էր գրական ասպարէզին։ Արքունի…