
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Սեպտեմբեր 26-ին կը լրանայ ծննդեան 153-րդ տարեդարձը հայ ժողովուրդի հանճարեղ զաւակներէն ամենէն հոգեհարազատին՝ Հայու Հոգին երգով ու երաժշտութեամբ վերծանած, վերաթարմացուցած ու իւրովի շնչաւորած, այլեւ՝ աշխարհով մէկ հնչեցուցած ու տարածած անզուգական, անկրկնելի՛ Կոմիտաս Վարդապետին (Սողոմոն Սողոմոնեան, 1869-1935)։ Հայ ազգային երաժշտութեան աշխարհահռչակ հիմնադիրն ու յառաջապահը ոչ միայն սեփական երգ տուաւ հայուն, այլեւ իր անձին օրինակով,…