
Կը տեղեկանանք, որ այսօր յետմիջօրէին Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախատեսուած է կարեւոր ժողով մը, որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ ներքին գործոց փոխ-նախարար Մուհթերէմ Ինճէ։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած դժուարութիւնները պիտի քննարկուին այս խորհրդակցութեան ընթացքին։ Հանդիպման հրաւիրուած են փոքրամասնութիւններու հոգեւոր եւ աշխարհական առաջնորդները։ Հարկ է յիշեցնել, որ…