
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի կապերը Սիրոս կղզիի քաղաքապետական ու մարզպետական շրջանակներուն հետ երկար տարիներ կը հաշուեն, տարբեր տեսակի գործակցութիւններով, այլեւ Արցախէն փոքրիկներու հիւրընկալման յատուկ ծրագրի իրագործումով, որ 25 տարիէ աւելի կը հաշուէ։ Այս տարի, Փոքր Ասիոյ աղէտի 100-ամեակի նշման նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Սիրոս-Էրմուփոլիի քաղաքապետութեան հետ գործակցաբար, նկարներու ցուցահանդէս մը կազմակերպուեցաւ Էրմուփոլիի կեդրոնական Միաուլի…