
Հետզհետէ մտահոգիչ դարձած են գաւառապետներու կամայական որոշումներով փառատօններու կամ համերգներու արգիլուելու երեւոյթները։ Այս տեսակի վերջին օրինակը տեղի ունեցաւ Պալըքէսիրի Պուրհանիէ գաւառին մէջ, ուր գաւառապետը գործադրումէն քանի մը օրեր առաջ յայտարարեց մօտալուտ փառատօնի չեղարկման լուրը։ Գաւառապետը նաեւ ներկայացուց այս որոշումին տեղի տուող պատճառաբանութիւնները, որոնք իսկապէս ծիծաղաշարժ էին։ Սակայն ծիծաղաշարժ ըլլալու կողքին կը պարզէին նաեւ երկրէ ներս…