
Հրամանաւ ու օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր, 15 Օգոստոս 2022, Երկուշաբթի երեկոյեան, Գնալը Կղզիի մէջ, Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի Անուան Մարմնամարզական Փառատօնը հոգեւոր եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ սկիզբ առաւ։ Այս բացառիկ հանդիսութիւնը կը գլխաւորէր Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, իր մօտն ունենալով՝ Կազդուրման Կայանի Ատենապետ Արի Չօլաքը, Ռաֆֆի Քալքը եւ Տնօրէն Տկն. Լիզա…