
Յ. Պալեան Ընկերաքաղաքական անմիջական մանրուքներու մէջ ջուր ճողփացնող մեծերու եւ պզտիկներու քաղաքականութիւնը, իր տպաւորիչ վերադիրով՝միջազգային, կը վարագուրէ գալիք վտանգները: Միջազգային բեմ բուռն թափով մուտք գործած Թուրքիան ի՞նչ կը հետապնդէ: Հայերը, Արցախը եւ Հանրապետութիւնը կը գտնուին Թուրքիոյ հետապնդած նպատակներու առաջնագիծին: Անօգնական, իրաւ դաշնակիցներ չունենալով, անոնք առաջին պատնէշն են ազգայնական-ծաւալապաշտական հետեւողական փորձ-նախայարձակումներու: Ուրիշներ, ներառեալ այսպէս կոչուած մեծ…