
Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Դ) ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Զինուորական յեղափոխութենէ ետք վերաբացուած միութիւնները տարիներու ընթցքին կորսնցուցին իրենց յուզումները։ Այլերս վերացած էր ընտրութիւններու նախորդող շրջանին տիրող մրցակցական մթնոլորտը։ Ալ աւելի ցաւալին՝ միութենական աշխատութիւնները մեծ մասամբ ագուցուեցան խնամակալութիւններու կամ թաղականութիւններու։ Այս երեւոյթը սակայն մերթ ընդ մերթ ունեցաւ ընդհակառակ պատկերներ։ Օրինակի համար՝ երբ Մխիթարեան Միաբանութեան վարդապետները կը մտմտային դպրոցը փակելու մասին, նախկին շնջանաւարտները…